Հանրային Ձայնասփիւռին 90-ամեակը

Այս տա­րուան Սեպ­տեմ­բե­րին պի­տի նշուի Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­ջին ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին՝ 1926 թուա­կա­նին 25 վայր­կեան տե­ւո­ղու­թեամբ հե­ռար­ձա­կուած կա­յա­նին ծննդեան 90-ա­մեա­կը: Նշենք, որ թէեւ հա­յաս­տա­նեան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը այս կա­յա­նը կը նկա­տեն ա­ռա­ջի­նը, սա­կայն իս­կու­թեան մէջ ա­ռա­ջին կա­յա­նը սկսած է գոր­ծել ա­ռա­ջին հան­րա­պե­տու­թեան տա­րի­նե­րուն, 1919-ին:

Այս ծի­րին մէջ վեր­ջերս Հան­րա­յին ձայ­նաս­փիւ­ռի աշ­խա­տա­կից­նե­րուն հա­մար հան­գիս­տի յար­մա­րա­ւէտ պայ­ման­նե­րով օժ­տուած շէն­քի ու բա­կի  բա­ցու­մը կա­տա­րուած է, իսկ 18 Յու­լի­սին նոյն շէն­քին առ­ջեւ հան­դի­սա­ւոր կեր­պով բա­ցու­մը կա­տա­րուած է Հա­յաս­տա­նի հան­րա­յին ռա­տիօ­հե­ռուս­տա­տե­սու­թեան ե­րախ­տա­ւոր­նե­րու աստ­ղա­յին ճե­մու­ղիին:

«Մար­դիկ ի­րենց կեան­քով եւ աշ­խա­տան­քով ա­պա­ցու­ցած են այն նուի­րուա­ծու­թիւ­նը, որ այ­սօր կը կո­չուի Հա­յաս­տա­նի պատ­կե­րաս­փիւ­ռի 60-ա­մեայ եւ ձայ­նաս­փիւ­ռի 90-ա­մեայ պատ­մու­թիւն: Իսկ ա­նոնց հա­մար, ո­րոնք դեռ կը շա­րու­նա­կեն  ապ­րիլ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծել, այդ թի­ւին մաս կը կազ­մեմ նաեւ ես, շատ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան տակ կը գտնուին: Խոր հա­մո­զու­մով, ներ­կա­յիս ձայ­նաս­փիւ­ռի եւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի թռիչ­քի զար­գաց­ման այս պայ­ման­նե­րուն մէջ, նո­րը պէտք է կա­ռու­ցել հի­նին, ա­ւան­դա­կա­նին վրայ: Իսկ այս յու­շա­քա­րե­րը այն սե­պա­գիր ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներն են, այն ա­մուր հիմ­քերն են, ո­րոնց հի­ման վրայ պէտք է կա­ռու­ցել ձայ­նաս­փիւ­ռի եւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռի ա­պա­գան», նշած է «Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­ռա­տիօըն­կե­րու­թեան» խոր­հուր­դի ան­դամ, Հան­րա­յին ձայ­նաս­փիւ­ռի եր­կա­րա­մեայ տնօ­րէն Ար­մէն Ա­մի­րեան:

Հա­յաս­տա­նի պատ­կե­րաս­փիւ­ռի եւ ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յաց­ման ու բազ­մա­տե­սակ, բազ­մա­բո­վան­դա­կա­լից հա­ղոր­դում­նե­րուն  ա­ռա­ւե­լա­պէս տեղ տա­լու եւ ա­նոնց բար­գա­ւաճ­ման նպաս­տած ակ­նա­ռու վաս­տա­կա­շատ մաս­նա­կից­ներն են՝ Օ­հան Տու­րեան, Օ­ֆե­լիա Համ­բար­ձու­մեան, Վե­րա Յա­կո­բեան, Տիգ­րան  Նաղ­դա­լեան, Ռո­պերթ Մա­ւի­սա­քա­լեան, Ճոն Կի­րա­կո­սեան, Վա­չէ Յով­սէ­փեան,  Յով­հան­նէս Պա­տա­լեան, Գրի­գոր Չա­լի­կեան, Ժի­րայր Ա­ւե­տի­սեան, Ար­մէն Ա­մի­րեան, Քլա­րա Թեր­զեան եւ այլ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­ներ, ո­րոնց ա­նուն­նե­րը ամ­րագ­րուած են աստ­ղա­յին ճե­մու­ղիին վրայ:

«Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­ռա­տիօըն­կե­րու­թեան» խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ռու­բէն Ջա­ղի­նեան, որ նաեւ այս գե­ղե­ցիկ մի­ջո­ցառ­ման նա­խա­ձեռ­նող­նե­րէն է, վստա­հե­ցու­ցած է, որ ա­նի­կա պի­տի ու­նե­նայ  շա­րու­նա­կա­կան  բնոյթ եւ ո­լոր­տին մէջ մեծ վաս­տակ ու­նե­ցող­նե­րուն ա­նուն­նե­րը եւս ի­րենց տե­ղը պի­տի գտնեն աստ­ղա­յին ճե­մու­ղիին վրայ:  «Այդ մար­դոց շնոր­հիւ զար­գա­ցած են հայ­կա­կան ձայ­նաս­փիւ­ռը եւ պատ­կե­րաս­փիւ­ռը: Ա­նոնք այ­սօր ալ ի­րենց գոր­ծով օ­րի­նակ կը ծա­ռա­յեն ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն եւ բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք մին­չեւ օրս  կ՚աշ­խա­տին հայ­կա­կան  ռա­տիօ­հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան մէջ: Կը փա­փա­քիմ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ո­րե­ւէ ա­ռըն­չու­թիւն ու­նե­ցան այ­սօ­րուան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան: Յու­սամ, որ այ­սօ­րուան մի­ջո­ցա­ռու­մը ա­ւան­դա­կան կը դառ­նայ եւ կը գտնէ իր ար­ժա­նի տե­ղը», ը­սած է Ռու­բէն Ջա­ղի­նեան:

Այ­սու­հե­տեւ այս ճե­մու­ղիին ան­ցորդ­նե­րը կա­րե­լիու­թիւն պի­տի ու­նե­նան ծա­նօ­թա­նա­լու հան­րա­պե­տու­թեան զան­գուա­ծա­յին գլխա­ւոր լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու կար­կա­ռուն ա­նուն­նե­րուն:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 2, 2016