ԱՐՏԱՀԱՆՄԱՆ ԾԱՒԱԼՆԵՐԸ ԳԵՐԱԶԱՆՑ
Հայաստանէն թարմ պտուղ-բանջարեղէնի արտահանման ծաւալները առայժմ կը գերազանցեն նախորդ ամբողջ տարուան ընդհանուր ցուցանիշը:
Ըստ Հայաստանի Գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Մակարեանի, այս տարի կը նախատեսուի պտուղ-բանջարեղէնի արտահանման ծաւալները հասցնել 120 հազար թոնի: «Այս պահու դրութեամբ արդէն արտահանուած է 85 հազար 326 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն: Նախորդ տարի ընդհանուր տարուան ընթացքում 76 հազար 700 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն արտահանուած էր, իսկ նախորդ տարուան այս ժամանակահատուածին՝ 49 հազար 800 թոն: Այսինքն՝ շեշտակի աճ արձանագրած ենք արտահանման ոլորտէն ներս», ըսած է փոխ-նախարարը:
Ծիրանի արտահանման առումով Մակարեան նշած է, որ չնայած վատ կանխատեսումներուն, ծիրանի արտահանման գործընթացը տակաւին կը շարունակուի: «Անցեալ տարուան մակարդակին համարեայ հասած ենք ծիրանի արտահանման առումով: Նախորդ տարի այս ժամանակահատուածին արտահանուած էր 20 հազար 855 թոն ծիրան, այսօրուան դրութեամբ՝ 19 հազար 257 թոն արդէն արտահանուած է Հանրապետութենէն: Գիները անցեալ տարուան համեմատ բաւականին բարձր են», յայտնած է Մակարեան:
Անոր տեղեկութիւններով՝ արտահանման մեծ մասը՝ 85 տոկոսը, բաժին հասած է Ռուսաստանի (73 հազար 300 թոն): Վրաստան արտահանուած է 7400, Սպիտակ Ռուսիա՝ 4270, Իրաք՝ 267, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ 60 թոն թարմ պտուղ-բանջարեղէն: