ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՅԱՆՁՆԵՑ ՄՐՑԱՆԱԿՆԵՐ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ա­պա­րան­քի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ յատ­կան­շա­կան հա­ւա­քոյթ մը։ Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան հիւ­րըն­կա­լեց 2016 թուա­կա­նին տե­ղե­կա­տուու­թեան փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու ո­լոր­տէն ներս կրթա­կան պար­գեւ­նե­րու ար­ժա­նա­ցած ա­շա­կերտ­ներն ու հա­մալ­սա­րա­նա­կան­նե­րը։ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին կող­մէ այդ պար­գեւ­նե­րը կը շնոր­հուին՝ սոյն ո­լոր­տին զար­գա­ցու­մը խրա­խու­սե­լու հա­մար։

Նա­խա­գահ Սարգ­սեան հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին մրցա­նա­կա­կիր­նե­րուն յանձ­նեց զա­նա­զան ա­նուա­նա­կար­գե­րու մէջ շնոր­հուած պար­գեւ­նե­րը՝ վկա­յագ­րե­րով, յու­շա­խորհր­դա­նիշ­նե­րով ու դրա­մա­կան պար­գեւ­նե­րով հան­դերձ։

Դափ­նե­կիր­նե­րը շնոր­հա­ւո­րե­լով՝ Սերժ Սարգ­սեան նշեց, որ ա­պա­գայ Հա­յաս­տա­նը պէտք է ըլ­լայ ա­ւե­լի կրթուած, բա­նի­մաց ու ստեղ­ծա­գործ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ձեռ­քե­րուն մէջ եւ ժա­մա­նա­կի հետ պէտք է քա­լէ հա­մըն­թա­ց։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2016