ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԹԱՏՐՈՆԸ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՈՎ ՄԸ

Հայաստանի Պետական սենեկային երաժշտական թատրոնը վերջերս Երեւանի մէջ բացօթեայ ներկայացումով մը հանդէս եկաւ՝ մանուկներու առօրեան հետաքրքրական դարձնելու նպատակով։ Մայրաքաղաքի Խանճեան փողոցին վրայ գտնուող զբօսայգիի տարածքէն ներս թատրոնի դերասանները մանուկներուն ներկայացուցին «Երեք խոզուկներու նոր արկածները» անուն խաղը։
Երեւանի մէջ տեղադրուելու համար առաջարկուած աւելի քան յիսուն ինքնուրոյն ստեղծագործութեան հաւաքական ներկայացումը:
Մարսէյլի մէջ, Շրջանային խորհուրդի ամփիթատրոնի երդիքին տակ վերջերս բանախօսութիւնով մը հանդէս եկաւ տեղւոյն Սահակ-Մեսրոպ երգչախումբի խմբավար Խաչիկ Եըլմազեան։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի «9-րդ ալիք» ստեղծագործութիւնը ընդգրկուած է ծովային նիւթով աշխարհի տասն լաւագոյն կտաւներու ցանկին վրայ։
Աշխարհահռչակ երգահան Տիգրան Մանսուրեան նախընթաց օր խումբ մը երաժշտասէրներու հետ մէկտեղուեցաւ Երեւանի նորահաստատ Կոմիտասի թանգարան-կաճառի երդիքին տակ։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին հանդիսաւոր արարողութիւնով մը եզրափակուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 12-րդ անգամ։
Երեւանի «Միսաք Մանուշեան» պուրակին մէջ վերջերս կազմակերպուեցաւ գրքի տօնավաճառ մը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ «Ընթերցող Երեւան» խորագրեալ այս երկօրեայ ծրագիրը համախմբեց աւելի քան երկու տասնեակ կազմակերպութիւններ։