Ընկերա-մշակութային

ԱԿԱԹԱ ՔՐԻՍՏԻԻ 11 ՕՐԵԱՅ ԱՆՀԵՏԱՑՈՒՄԸ (Ա.)

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Անգլիացի յայտնի գրող Ակաթա Քրիստի, որ յայտնի է իր քրէական վէպերով, 1926 թուականի դեկտեմբերին ապրեցաւ իր պատմուածքներու նման իրադարձութիւն մը։
Ակաթա Քրիսթի՝ գրականութեան անմոռանալի անունը եւ «սպանութիւններու թագուհին», կը շարունակէ առեղծուածային կերպար մնալ իր ստեղծագործութիւններով եւ կեանքով՝ կենդանութեան օրօք։

ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան, որ իր սերունդի շատ լաւ պատրաստուած, փայլուն ներկայացուցիչներէն մին է, ծառայութեան ասպարէզէն ներս նոր խաչմերուկի մը վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սրբազան դառնալէ վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ. «ԱՊՐԵԼՈՒ ՅՈՅՍԸ, ՈՐ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ԲՈԼՈՐԻՆ»

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գրող, մտաւորական, հայ լեզուի ու մտքի հանրածանօթ մշակ, հայկական դպրոցի երկարամեայ տնօրէն եւ վաստակաշատ դաստիարակ Գէորգ Պետիկեան այսօր սփիւռքահայ մամուլի երէց աշխատակիցներէն է: Ան իր միտքերը, խոհերը, մտահոգութիւնները, վերլուծումները կանոնաւոր կը յանձնէ հայ մամուլին՝ գրողի անկիւնէն դիտելով բոլոր երեւոյթները:

ՓԻԼԻՍՈՓԱՆԵՐՈՒ ԸՆԿԵՐԱՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ի՞նչ է փիլիսոփայութիւնը։ Փիլիսոփայութիւնը, իր ամենակարճ սահմանմամբ, յայտնի է նաեւ որպէս մտքի արուեստ: Ան կարգապահութիւն է, որ կը ներառէ ուսումնասիրութիւններ այնպիսի նիւթերու շուրջ, որոնք խոշորացոյցի տակ կը դնեն գոյութիւնը, գիտելիքը, ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը, գեղեցկութիւնը, միտքը, լեզուն…

«ԵՍ ՈՐԲ ԸԼԼԱԼ ՉԵՄ ՍԻՐԵՐ» 120-ԱՄԵԱԿ ԳՐՈՂ ԵՒ ԵՐԱԺԻՇՏ ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

120-ամեակն է հայ գրականութեան, հրապարակախօսութեան ուշագրաւ դէմքերէն մէկուն՝ Յակոբ Ասատուրեանին, որ յայտնի էր նաեւ իբրեւ երաժիշտ ու երաժշտագէտ: Յակոբ Ասատուրեան, անցեալ դարու սկզբին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուելէ ետք առաջին տարիներուն հանդէս եկած է իբրեւ երգիչ՝ կատարելով Կոմիտասի, Ռոմանոս Մելիքեանի, Բարսեղ Կանաչեանի, Ալան Յովհաննէսի մշակած ժողովրդական ստեղծագործութիւնները, որոնք 1947 թուականին Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուած են ձայնապնակներով՝ կրելով «Հայ երգ» անունը:

ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 17.7-14:
Պօղոս առաքեալին Կորնթացիներուն ուղղած երկրորդ նամակէն 13.5-13:
Մարկոսի Աւետարանէն 11.27-33:

ՀՈԳԵՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՀԱՅԵԱՑՔ՝ ՏՈՍԹՈՅԵՒՍՔԻԻՆ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

19-րդ դարու ամենահեղինակաւոր ռուս գրողներէն Ֆիոտոր Տոսթոյեւսքին մոսկուացի բժիշկի մը որդին էր։ Ան հասակ առած էր հոգեբուժարանի մը մէջ եւ կը տառապէր լուսնոտութենէ, նաեւ խաղամոլ էր։

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ՝ 100 ՏԱՐԵԿԱՆ ԴԱՐՁԱՒ… ԼՔՈՒԱԾ ԵՒ ԱՄԱՅԻ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Դաժան այս օրերուն լրացաւ Ստեփանակերտի 100-ամեակը: Հնագոյն այդ բնակավայրը Ղարաբաղի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէ ետք ստացած է քաղաքի կարգավիճակ. 1923 թուականի աշնան Ղարաբաղի նորաստեղծ կառավարութիւնը Շուշիէն կը տեղափոխուի Խանքենթի կոչուող բնակավայր եւ զայն կը կոչէ Ստեփանակերտ անունով:

ԻՆՉՊԷ՞Ս ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐԸ

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ներկայիս բազում մարդիկ այս կամ այն ​​կերպով կ՚օգտագործեն ընկերային ցանցերը: Թէեւ այս օգտագործումը ինքնին վնասակար չէ եւ ընկերային ցանցերը երբեմն կրնան օգտակար ըլլալ, բայց կարեւոր է հասկնալ, որ անոնք ուղղակի կապ ունին բազմաթիւ խնդիրներու եւ վտանգներու հետ, ներառեալ ճնշուածութիւնը, անհանգստութիւնը, առանձնութիւնը եւ այլն:

Էջեր