ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ 12-ՐԴ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ
Գարակէօզեան տան մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային մտախաղերը, որոնք կեանքի կոչուեցան խանդավառ պայմաններով։ Դպրոցի համալիրէն ներս «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» աշխատանոցներու երդիքին տակ տեղի ունեցան մտախաղերը։
Կեդրոնականի ընտանիքը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ համախմբուած է քէրմէսի մը առթիւ։ Այս շաբաթավերջին տեղի կ՚ունենայ Կեդրոնական վարժարանին ի նպաստ աւանդական քէրմէսը, որ ամէն տարի ծնողաց միութեան կողմէ կը կազմակերպուի Ս. Զատկին ընդառաջ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց սանուց եւ համակիրներու միութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս կազմակերպուեցաւ փինկ-փոնկի մրցաշարք մը։ Իր նմաններու շարքին երրորդն էր այս նախաձեռնութիւնը, որուն մասնակցեցաւ 18 մարզիկ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Իյի» կուսակցութեան կողմէ Կղզեաց քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Այշէ Կիւլնուր Շաքիրը, որուն կ՚ընկերանային կուսակցութեան Կղզեաց մասնաճիւղի վարչայինները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի (ԵՀԽ) համամիութենական ու համագործակցութեան յանձնախումբի անդամները։
«Արաս» հրատարակչատան գործունէութիւնը կը տեսակաւորուի ԵՄ-ի կողմէ հովանաւորուած ծրագրով մը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած Իֆթարի սեղանի մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ ԱՔ կուսակցութեան կողմէ Շիշլիի քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած Կէօքհան Եիւքսէլը։ Իշխանական թեկնածուի ընկերակից խումբին մաս կը կազմէր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանէն խումբ մը վերջերս այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Ներկայիս եւ մօտաւոր անցեալին դպրոցէն ներս ճատրակի աշխատանքներու մասնակիցներէն բաղկացեալ այս խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Տիրուհի Պերին։
Եշիլգիւղի սանուց միութեան թատերախումբը այս տարի գեղարուեստասէրներուն կը ներկայացնէ զաւեշտ մը, որ կը կոչուի «Eyvah Yine Karıştı»։ Երկու արարներէ բաղկացեալ այս զաւեշտին հեղինակն է Քլոտ Մանյէ։