ԱՐԴԻ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌ
«Աւրասիա» գեղարուեստի կեդրոնէն ներս այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ «ARTCONTACT» Իսթանպուլի արդի արուեստի տօնավաճառը, որ այս տարի երկրորդ անգամ կազմակերպուած է։ Մինչեւ շաբաթավերջ պիտի շարունակուի այս ծրագիրը, որուն մասնակցութիւն կը բերեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր արուեստագիտուհիներ՝ Արշօ Գասպարեան եւ Ազնիւ Չոպան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ քաղաքիս Պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին մետրապոլիտն ու Մարտինի եւ Տիարպաքըրի առաջնորդ Սալիպա Էօզմեն մետրապոլիտը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց մեր բարերարհուիներէն Անահիտ Պոզաճեանը։ Ներկայ էր նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։
Վաղը Համբարձման տօնն է։ Եկեղեցական մեծ նշանակութեան առընթեր, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ այս մեծ տօնը այլ իմաստ մըն ալ ունի։ Աւանդաբար Համբարձման տօնին կը նշուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հիմնադրութեան տարեդարձը։
Ս. Խաչ դպրեվանքի սաները վերջերս մասնակցեցան Բնական կեանքի պահպանութեան հիմնարկի Թուրքիոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած մրցոյթին, որու մէջ իրենց ծրագրով բարձրացան աւարտական փուլի ու դարձան երկրի երկրորդը։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ Տատեանցիներու օրուան առթիւ։ Տատեան վարժարանի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցան զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։
Շիշլի մարզակումբի պասքեթպոլի կազմերը վերջին շրջանին կ՚արձանագրեն փայլուն յաջողութիւններ։ Մինչեւ 12 եւ մինչեւ 16 տարեկաններու կազմերը, նաեւ Թուրքիոյ Պասքեթպոլի դաշնակցութեան եւ «Ճունիըր քափ» լիկերուն մասնակից շիշլիցի մարզիկները իսկապէս ապագայ կը խոստանան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան անցեալ շաբաթավերջին հիւրընկալեց «Եոլճու» թատերախումբի վարիչներն ու Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանը։