Թրքահայ կեանք

ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԵՐԱԺՇՏԱՀԱՆԴԷՍ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը պատուեց Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ կազմակերպուած ձեռնարկը:
Լուսաւորիչ երգչախումբը երէկ երեկոյեան՝ Պատրիարքական Աթոռի կողմէ հովանաւորուած հոգեւոր համերգով մը հանդէս եկաւ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ:

ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ

Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հօր նախագահութեամբ ժամերգութեան արարողութիւն՝ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ:
Նորին Ամենապատուութիւնը կարեւորեց նոր եկեղեցականներու պատրաստութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ ապագայ ծրագրեր կեանքի պիտի կոչուին՝ հոգեւորականաց դասու գործօն մասնակցութեամբ:

ՔԱՍԱՓՕՂԼՈՒ ԹԱՔՍԻՄ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՄԷՋ

Երիտասարդութեան ու մարմնամարզի նախարար Մեհմէտ Մուհարրէմ Քասափօղլու Ամանորի ընդառաջ այցելեց Թաքսիմ մարզակումբը։ Վարչութեան ատենապետ Կարօ Համամճեանի եւ գործակից ընկերներուն կողմէ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ նախարարը, որ շրջայց մը կատարեց ակումբէն ներս։

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը նախընթաց օր հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ իր գործակից ընկերները, որոնք փութացած էին Ամանորը շնորհաւորելու։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Մխիթարեան վարժարանի մէջ 2020 թուականի տարեմուտին առթիւ կազմակերպուած հանդէսը առիթ հանդիսացաւ տօնական մթնոլորտի ստեղծման։ Ամբողջ դպրոցէն ներս բարձր տրամադրութիւնը զգալի էր։

ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ Նոր տարուոյ եւ Ս Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որու պատուոյ հիւրն էր Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան խնամակալութեան ատենապետ Փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ վարժարանի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան։

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԸՆՏՐԵԱԼ-ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ

Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ ապրուեցաւ տօնական օր մը։ Պատմական թաղի արարողութիւններուն նախագահեց Ամեն. Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Էջեր