ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երկուշաբթի երեկոյեան մասնակցեցաւ Շիշլիի քաղաքապետութեան կողմէ Ամանորի առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որ տեղի ունեցաւ Հարպիէի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Երէկ, Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսին առթիւ։ Ամանորի ընդառաջ կեանքի կոչուեցաւ այս ծրագիրը, որ առիթ դարձաւ ոգեւորութեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Էսաեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարիամ Տրամէրեանն ու յարակից «Մարալ» երգի-պարի համոյթի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանն ու գլխաւոր պարուսոյց Իրիս Չափքանը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մինաս Մեծատուրն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ այս եկեղեցւոյ քարոզիչ ու հոգեւոր հովիւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Երէկ, համայնքային շրջանակները Գումգաբուի մէջ համախմբուած էին՝ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ընդհանուր առմամբ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առկայ դժուարութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, երէկուան համախմբումը զօրակցութեան եւ լաւատեսութեան ողջունելի միջավայրի մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։
Կեդրոնականի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ հրճուանք ապրեցաւ՝ Ամանորի ընդառաջ վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քերմէսին առթիւ։
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը այս օրերուն կ՚ապրի խանդավառութիւն։ Արդարեւ, Լուսաւորիչ մանկանց երգչախումբը կը պատրաստուի ամանորեան համերգի մը՝ վարիչ Հրանդ Չիզմէճեանի մականին ներքեւ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Անգարայի մօտ Եւրոմիութեան առաքելութեան նորանշանակ ղեկավար դեսպան Թոմաս Հանս Օսսոուսկիի այցելութիւնը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց յայտնի նկարչուհի Պերճուհի Պէրպէրեանը։ Զրոյցի ընթացքին Պերճուհի Պէրպէրեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկացուց, որ յառաջիկային նախատեսուած է իր նոր ցուցահանդէսը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Սթիրլինկ բարեգործական ընտանեկան հիմնարկի Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Պրիտնի Սթիրլինկն ու ընկերակիցները, որոնք այս օրերուն կ՚այցելեն քաղաքս։