ՓԱՌԱՏՕՆԻ ԱՒԱՐՏԻՆ ԾԱՓԵՐ
Գնալը կղզիի մէջ կազմակերպուած մարզական փառատօնը երէկ երեկոյեան եզրափակուեցաւ ոգեւոր հանդիսութիւնով մը։ Շիշլի մարզակումբի, Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Ներսէսեան դպրաց դասու, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանի համատեղ ջանքերով կազմակերպուած այս ձեռնարկը ձօնուած էր հոգելոյս Մեսրոպ Պատիրարք Մութաֆեանի յիշատակին։
Գնալը կղզիի մէջ երէկ երեկոյեան սկսաւ համայնքային մարզական փառատօն մը, որու կազմակերպիչներն են՝ Շիշլի մարզակումբը, Գարակէօզեան տան Կազդուրման կայանը եւ Ներսէսեան դպրաց դասը։ Նախագիծը ձօնուած է երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանին։
Հայաստանէն մասնագէտներ կը շարունակեն Թուրքիոյ գրադարաններէն ներս աշխատանք տանիլ՝ իրենց պրպտումները կեդրոնացնելով հայ գրքի ու տպագրութեան պատմութիւնը կատարելագործելու առաջադրութեամբ։
Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը արդէն 58 տարեկան է։ Երկու տարիէ ի վեր դժբախտաբար կայանը փակ է՝ շէնքի ամրակայման անհրաժեշտութեան առումով։ Ատենապետ Սարօ Պենկլեանի կողմը գլխաւորուած խնամատար մարմինը այդ աշխատանքները յառաջ կը տանի համագործակցելով Գարակէօզեան տան խնամակալութեան հետ։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի հիմնադրութեան 45-ամեակին առթիւ, շաբաթավերջին, Գնալը կղզիի մէջ տեղի ունեցած է յոբելենական երեկոյթ մը։ Կղզիի զբօսարաններէն մէկուն մէջ սարքուած ընթրիքին պատուոյ հիւրը եղած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան՝ ընկերակցութեամբ կարգ մը հոգեւոր հայրերու։
Պոլիսէն հասած մեծանուն երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճանի ծննդեան 95-ամեակին ձօնուած փաստավաւերագրական ժապաւէնը երէկ երեկոյեան ցուցադրուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Գնալըի բարձունքին, ուր թէկուզ իր բացակայութեամբ, սակայն ժապաւէնի ցուցադրութեամբ նշուեցաւ Յովհաննէս Չեքիճեանի յոբելեանը։
«Եւ եկաւ Յովհաննէսը» փաստավաւերագրական ժապաւէնի հեղինակը՝ Լիլիթ Մովսիսեան, որ կարճատեւ այցելութեամբ քաղաքս կը գտնուի, ջերմօրէն կը հիւրընկալուի համայնքային շրջանակներուն կողմէ։ Պոլիսէն հասած մեծանուն խնբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ արտադրուած յոբելենական ժապաւէն մըն է այս մէկը։
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ կարեւոր յայտարարութիւն:
Երեւանի մէջ արդէն եզրափակուած է Հայագիտական միջազգային քոնկրէսը։ Շաբաթավերջին, Մատենադարանի երդիքին տակ հայ եւ օտար գիտնականներուն զեկուցումներով աշխատանքը ընթացաւ շատ հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։