Լրահոս

«ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՈՒՄԲԸ ՊԷՏՔ Է ԼՈՒԾԱՐՈՒԻ»

Մոսկուա եւ Պաքու հերթական անգամ նոյն յաճախականութեան վրայ են՝ Երեւանի տեսակէտէ նուրբ նշանակութեամբ հարցի մը շուրջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի բոլոր կառոյցները ենթակայ են լուծարման։

ԿԱՐԻՔՆԵՐ ՈՒ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ալպէր Մոմճեան. «Եթէ ռափ երաժշտութիւնը չըլլար, ապա պիտի չկարողանայի մարդոց հասնիլ»:
Պլոկըր Ալպէրովիչի դիտարկմամբ՝ առկայ ընթացքով ո՛չ միայն հայ, այլեւ ընդհանրապէս երիտասարդ պիտի չմնայ Լիբանանի մէջ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատուկ քննարկում մը՝ նուիրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ազդեցութեան Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ժողովրդավարական կառավարման ամրապնդման վրայ։

ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին աւելի ապահով եւ կայուն Սուրիա մը ունենալու համար պայմաններ ստեղծելու կարեւորութիւնը։

ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շօշափեցին միջազգային օրակարգի զանազան հարցեր։

ՁԵՒԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՊԱՍՈՒՄ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ատրպէյճան-ԱՄՆ յարաբերութիւններու ընդհանուր ուղեծիրը կը վերարժեւորուի վարկածներու լոյսին տակ:
Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ ենթադրութիւններու համար նկատի կ՚առնուին նաեւ շարք մը դաւանական գործօններ:

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՈՒՂԻՂ ԵԹԵՐՈՎ ԲԱՆԱՎԷՃԻ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով մը՝ Արցախի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Այս գրառումը, միեւնոյն ժամանակ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս հրահրեց հերթական բանավէճը։

«ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ԽՄՈՐ»

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները կամ պայմանականօրէն ըսելով՝ 2024 թուականի «Սուրիական խմորը» դեռ կը սպասէ իր ժրաջան հետազօտողին, որպէսզի թեմային առընչուող նիւթը ամբողջացնէ, իր տրամաբանական աւարտին հասցնէ եւ բոլոր հանգամանքները յստակացնէ։

«ՈՒՐԲԱԹ, ՇԱԲԱԹ, ԿԻՐԱԿԻ» ԼՈՒՍԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ՝ ԱՐԴԷՆ 18-ՐԴ ԱՆԳԱՄ

Շիշլիի քաղաքապետութեան «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ գեղարուեստական տան երդիքին տակ բացուած է «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որ կը ցոլացնէ Թուրքիոյ մէջ միաստուածեան կրօններու հաւատացեալներու կեանքը։ Այս ցուցահանդէսը արդէն 18-րդ անգամ կը կրկնուի, ինչ որ վառ արտայայտութիւն մըն է գեղարուեստասէրներու կողմէ անոր վայելած անմիջական ուշադրութեան տեսակէտէ։

ՖԻՏԱՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ

Թուրքիա կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեամբ հետեւիլ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն, որոնք այս շրջանին կը պայմանաւորեն ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի ընթացքը։ Անգարա-Դամասկոս առանցքին վրայ արդէն բարձր մակարդակի շփումներ տեղի կ՚ունենան։

Էջեր