ԳՐԳՈՐԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ
Յայտնի գործարար ու բարերար նորոգ հանգուցեալ Գըրգ Գրգորեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, ընտանիքին եւ մօտ հարազատներու նեղ միջավայրին մէջ, ըստ իր կտակին։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկութիւններ տուաւ «Գալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան։
Յունահայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ Տ. Խորէն Աբեղայ Առաքելեան, ընկերկացութեամբ Թեմական խորհուրդի փոխ-ատենապետ Մերուժան Հարթենեանի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Յունաստանի մասնաճիւղի ատենապետ Տիգրան Աբասեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Յունաստանի հոգեւոր առաջնորդ Տ.Տ. Հերոնիմոս Բ.-ի հետ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման նպատակով Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ բացուած դատին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս կապակցութեամբ, քաղաքագէտ Էդիկ Յովսէփեան «tert.am» կայքէջին ըրաւ յայտարարութիւններ։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան իններորդ նախագահ Սիւլէյման Տէմիրէլի մահը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել երկրի օրակարգը։ Սիւլէյման Տէմիրէլի յուղարկաւորութիւնը վաղը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, պետական արարողակարգով նախատեսուած պատշաճութիւններու շրջագծին մէջ։
Յուլիսի 12-ին Երեւանի մէջ սկսելիք փառատօնին ընդառաջ ստեղծուած է մեծ ոգեւորութիւն: