30 ՕԳՈՍՏՈՍԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՏՕՆԸ
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ, մեծ շուքով մը այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման ճանապարհին։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ արտասովոր խանդավառութեամբ, մեծ շուքով մը այսօր կը նշուի 30 Օգոստոսի տօնը։ Մեծ յաղթանակը անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած էր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման ճանապարհին։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու գործունէութեան մասին կանոնակարգը այսօրուան դրութեամբ ստորագրուեցաւ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնի վարչամեքենայի եւ արտասահմանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու՝ Դիլիջանի մէջ կազմակերպուած հաւաքի աւարտին այցելութիւն մը տրուեցաւ դէպի Կիրանց, որ կը գտնուի Ատրպէյճանի հետ սահմանին։
Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ երկար ժամանակ անց դրական եւ յուսադրիչ իրադարձութիւն մը:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան. «ԵՄ-ի երկիրներու իմ գրեթէ բոլոր պաշտօնակիցներուն համոզմամբ՝ Թուրքիոյ հետ կանոնաւոր երկխօսութիւն պէտք է յառաջ տարուի՝ ներառեալ Հարաւային Կովկասի հարցերուն շուրջ»:
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ Փարիզի մէջ հիւրընկալեց Անգլիոյ վարչապետ Քիըր Սթարմըրը։ Էլիզէի պալատին մէջ երկու ղեկավարները քննարկեցին Անգլիոյ եւ Եւրոմիութեան յարաբերութիւնները վերբեռնելու հնարաւորութիւնը։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ Փեքինի մէջ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Ճէյք Սալըվընը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը ընդգծեցին, որ ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած են։
Մինչ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հարցը կը շարունակէ մնալ այժմէական, երկու երկիրները կը վերաբանաձեւեն իրենց դիրքորոշումները։ Անգարայէն եւ Դամասկոսէն կը հնչեն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ, որոնցմով կողմերը յարափոփոխ իրավիճակի մէջ կը մատնանշեն իրենց առաջնահերթութիւնները։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Անգարայի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասին պաշտօնական լրահոսը որեւէ հիմնական նորութիւն չի փոխանցեր:
ՀԲԸՄ-ի պարբերաթերթին համար նիւթ կը պատրաստուի՝ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի մասին:
Լրագրող Արաքս Կասեան եւ լուսանկարիչ Դաւիթ Յակոբեան այս օրերուն կը շփուին համայնքային շրջանակներուն հետ:
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ աշխատաժողով մը, որ զուգադիպեցաւ 2024-2025 կրթական շրջանի բացման փուլին։ Մասնագիտական հաւաքոյթ մըն էր այս մէկը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր, որոնք ուղղութիւն կու տան պոլսահայ կրթական կեանքին ու կը կառավարեն դպրոցական ցանցը։