ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքը միշտ բանուկ է՝ միջազգային հրատապ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ։ Թուրքիա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ամենաբարձր մակարդակի վրայ միշտ շփման մէջ են՝ միջազգային թէժ օրակարգի հարցերուն կապակցութեամբ։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ «Տարազֆեստ-2024»ը, որով արձանագրուեցաւ փայլուն յաջողութիւն։ Հայկական տարազներու այս փառատօնը, որ վեցերորդն էր իր նմաններուն մէջ, կազմակերպուած էր «Տէրեան մշակոյթի կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէ։
Փարիզի Ողիմպիականները, որոնք շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր համայն մարդկութեան ուշադրութիւնը մագնիսացուցած էին, երէկ երեկոյեան եզրափակուեցան՝ թողելով վառ տպաւորութիւններ, կարեւոր յիշատակներ։
Փարիզի Ողիմպիականները արդէն եզրափակուեցան։ Շուրջ երկու շաբթուան համաշխարհային մրցակցութեան աւարտին, Հայաստանի հաւաքականը՝ մետայլ նուաճած 91 երկիրներու շարքին զբաղեցուց 66-րդ կարգը։
Պաքուի կողմէ տեղեկացուեցաւ, թէ Երեւանի հետ խաղաղութեան ենթադրեալ համաձայնագրի նախագծէն դուրս թողուած է՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ապաշրջափակման խնդրի քննարկման յետաձգման որոշումին կ՚արձագանգեն տարածաշրջանի միւս դերակատարները՝ մանաւանդ Իրանը, որ լուրջ վերապահութիւն կը դրսեւորէ Զանգեզուրի միջանցքի հարցին շուրջ։
Իսրայէլ արդէն երրորդ անգամ կը քալէ Խան Եունիս քաղաքին վրայ - Կարմիր ծովու մէջ ալ նոր դէպքեր:
Միջազգային օրակարգի վրայ միշտ արդիական հարցում մը. «Ինչո՞ւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայեր չկան»:
Երեւան-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ ռազմական համագործակցութիւնը տակաւ կ՚ամրապնդուի:
Մերձաւոր Արեւելքը պատած կրակի մթնոլորտին մէջ ազդու դերակատարներուն միջեւ շփումներ:
Ֆրանսական զարգացման գործակալութեան եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ համաձայնագիր: