ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԺԱՄԱԴՐԱՎԱՅՐ
Ֆրանսայի հիւրընկալմամբ երէկ սկսան ամառնային 33-րդ Ողիմպիականները։ Փարիզ փաստօրէն դարձած է համաշխարհային ժամադրավայր մը, ուր տեղի կ՚ունենան Ողիմպիականները։ Երէկ, նախ, ֆրանսական երկաթուղիի ցանցին դէմ կատարուած խափանարարութեան մասին լուրերը խոր մտահոգութիւն յառաջացուցին, սակայն, ապա այնպիսի պատկառազդու բացման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ, որ ամէն ինչ մոռացութեան մատնեց։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ այս շրջանին տարեկան ամրան արձակուրդի մէջ կը գտնուի, աշխատանքային այցելութիւններ կու տայ երկրի զանազան մարզերը։ Այս ծիրէն ներս ան երէկ Արմաւիրի մարզին մէջ էր։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի իր պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Վիեթնամի մէջ, ուր երկու նախարարները կը մասնակցին Հարաւային Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս կազմակերպուած՝ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Հարաւային Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի կողմէ։
Հայաստանի Ազգային գրադարանի երդիքին տակ գրական հաւաքոյթ եւ ցուցահանդէսի բացում:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ։ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ արիւնալի իրավիճակին եւ ա՛լ աւելի մտահոգիչ հեռանկարներու համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներուն Քրեմլինի հանդիպումը։
Այս առաւօտ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Հայաստանէն երիտասարդ արուեստագիտուհի Լիլիթ Մովսիսեանը, որ հեղինակն է «Եւ եկաւ Յովհաննէսը» փաստավաւերագրական ժապաւէնին։ Պոլիսէն հասած աշխարհահռչակ երաժիշտ մաէսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանի ծննդեան 95-ամեակին առթիւ արտադրուած գործ մըն է յիշեալ ժապաւէնը, որ յոբելեանի արժեւորման ճանապարհին մեծ նշանակութիւն ունեցած է։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անգլիացի հանրայայտ գրող Ճորճ Օրուէլի կարծիքով՝ պատմութիւնը վերահսկողը՝ ապագան կը վերահսկէ։ «Կենդանիներու ագարակը» եւ «1984» նշանաւոր գործերու հեղինակը կ՚ակնարկէ, որ պատմութեան շարադրումը ունի քաղաքական ենթագիր մը, որուն իրականացնողը կը ձեւակերպէ իր իշխանութեան օրինակարգութիւնը։