ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ՍԳԱՅ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԻՐԱՔԻ ՄԷՋ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ 9 ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԿՈՐՈՒՍՏԸ
Հիւսիսային Իրաքէն հասած լուրերը երէկ խոր ցաւ ու մեծ ցասում յառաջացուցին բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Թուրք զինեալ ուժերուն եւ անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութեան՝ ՓՔՔ-ի միջեւ ծագած բախումներուն հետեւանքով 9 զինուոր նահատակուեցաւ։
Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանիամ Ճայշանքար երկուշաբթի պիտի այցելէ Թեհրան, ուր բանակցութիւններ պիտի վարէ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի հետ, նաեւ պիտի հիւրընկալուի երկրի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ։
Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատար Տունիա Միաթովիչ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղէն բոլոր տեղահանեալներուն պէտք է տրուի արժանապատիւ ու ապահով վերադարձի հնարաւորութիւն։
Հայաստանի Պետական եկամուտներու կոմիտէի փոխ-նախագահ Կարէն Թամազեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ սահմանի Մարգարայի անցակէտը արդէն պատրաստ է շահագործման։
«Stratfor»ի կանխատեսումներով, Հարաւային Կովկասէ ներս ի սպառ պիտի չդադրի Մոսկուայի ազդեցութիւնը:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Զուիցերիա։ Այս ուղեւորութիւնը կը զուգադիպի Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական ֆորումի տարեկան հաւաքի բացման ճիշդ նախօրեակին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն Հայկ Սարգսեան յայտարարեց, որ 2019 թուականէն ի վեր աւելի մեծ թիւով քաղաքացիներ սկսած են խուսափիլ պարտադիր զինուորական ծառայութենէ եւ բարձրացած է այդ պատճառով հետախուզուողներու թիւը։
Հայաստանի արդարադատութեան փոխ-նախարար Արմենուհի Յարութիւնեան յայտարարեց, որ կը նախատեսուի երկրէն ներս դադրեցնել պատուաւոր կոչումներու շնորհումը։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին վերատեսութեան պիտի ենթարկուի Հայաստանի մէջ պատուաւոր կոչումներու շրջանակը։
Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած տարաձայնութիւնները արդէն այնպիսի համեմատութիւններու հասած են, որ միջազգային դերակատարները հաշուարկներ կ՚ընեն ըստ այդմ դիրքաւորուելու համար։ Այս ամբողջին մէջ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ են Հայաստանի մէջ տեղակայուած ռուսական ռազմակայանն ու ռուս սահմանապահները։
Աթէնք աջակցութիւն կը յայտնէ Երեւանի «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին: