Լրահոս

ՆՈՐՈՎԻ ՈՍՏՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն շփումները միշտ փոխըմբռնումով կ՚ընթանան:
Անգարա եւ Գահիրէ պատրաստակամ՝ յառաջիկային բոլոր ուղղութիւններով համագործակցութիւնը զարգացնելու համար:

ՈՉ ԵՒՍ Է ԲԱՆԱՍԷՐ ՏՔԹ. ՎԱՐԴԱՆ ԴԵՒՐԻԿԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի բանասէր Վարդան Դեւրիկեան։ Բօթը, որ խոր ցաւ յառաջացուցած է, կը նշանակէ հայկական գիտական աշխարհին տեսակէտէ լուրջ կորուստ մը։

ՍԱՄԱՐՂԱՆՏԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Էօզպեքիստանի տանտիրութեամբ, Աֆղանիստանի հարեւան երկիրներու չորրորդ նախարարական համաժողովը տեղի ունեցաւ Սամարղանտի մէջ։ Այս ծիրէն ներս կազմակերպուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային քառեակի երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Չինաստանի, Իրանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն հանդիպումը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։

ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

Տերէք Հոկանի հետ հեռախօսազրոյցէ վերջ, Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ ընդունեց Պույար Օսմանին:
Երեւան եւ Պաքու ներկայիս կանաչ լոյս կը վառեն Մոսկուայի մէջ բանակցելու համար: Չավուշօղլու զրուցեց Պայրամովի հետ: արեւմուտքէն միշտ կը հնչեն կոչեր:
«Առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան խնդիրներու հասցէագրման՝ իրատեսական չի համարուիր տարածաշրջանէն ներս երկարատեւ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատումը»:

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ՇԻՒՔՐԻՆ

Անգարա-Գահիրէ բնականոնացման գործընթացը այսօր շարունակութիւն կը գտնէ բարձր մակարդակի այցելութիւնով մը։ Այսպէս, արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու կը հիւրնկալէ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սեմիհ Շիւքրին։

ՆԵՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԽՆԴՐԵԼՈՒ ՊԱՀԸ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Հայաստան դասուած է աշխարհի տասն ամենէն ապահով երկիրներու շարքին։ Բայց եւ այնպէս, 2022 տարուան ընթացքին Հայաստանի մէջ պատահած է յանցագործութեան 37 հազար 612 դէպք՝ նախորդ տարուան համեմատաբար 24.4 տոկոս աճ արձանագրելով։

ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՍՊԱՍՈՒՄ

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ պայմանաւորուածութիւն գոյացած է՝ ցամաքային սահմանը յառաջիկայ ամրան սկիզբին բանալու համար երրորդ երկիրներու քաղաքացիներուն, նաեւ դիւանագիտական անցագրի տէր անձերուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս տարուած աշխատանքները շուրջ տարի մը առաջ հասուննալով թեւակոխած էին որոշ համաձայնութիւններու ձեռքբերման փուլը։

Էջեր