ՄԱՐԴԵՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ…
Մարդ միշտ հետքեր կը կրէ իր հասակ առած, կրթուած-դաստիարակուած եւ աշխատած միջավայրերէն։ Մարդակերտումը մշտանորոգ է՝ ինչպէս իւրաքանչիւր արարածի կեանքը։ Մարդուն յղկումը, սակայն, շատ աւելի բարդ երեւոյթ մըն է՝ միւս արարածներուն բաղդատմամբ։
Ատրպէյճան կը շարունակէ պաշարման տակ պահել Արցախը, ուր մարդասիրական տագնապը կը խորանայ։ Առկայ ողբերգական իրավիճակին մէջ Հայաստանէն դէպի Արցախ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնն ալ տեղ հասցնել հնարաւոր չ՚ըլլար։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Բոլորը կը ձգտին լայն ճանապարհներով ընթանալ, ունենալ հանգիստ ու ապահով անցք։ Տակաւին բոլորը կ՚ուզեն բացուիլ դէպի ընդարձակ հրապարակներ՝ շողշողուն, հրապուրիչ։ Առ երեւոյթ, ընդհանուր համոզումը այն է, թէ լայն ճանապարհները փշոտ չեն ըլլար։
Պաշարեալ Արցախի մէջ մարդասիրական տագնապը հետզհետէ կը խորանայ։ Ամիսներէ ի վեր շրջափակումը կը տեւէ, իսկ յունիսի 15-էն իր վեր Ատրպէյճան ամբողջութեամբ փակած է Լաչինի միջանցքը՝ ներառեալ մարդասիրական տարանցումները։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Սերկէյ Լաւրովի միջնորդութեամբ Արարատ Միրզոյեան-Ճէյհուն Պայրամով բանակցութիւններ՝ Մոսկուայի մէջ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ճակատագիրը չի կրնար որոշուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ։
Արցախի պաշարման պայմաններուն ներքեւ հայկական հանրային կարծիքին կողմէ դրսեւորուած զգայնութիւնը հետզհետէ նոր դրսեւորումներ կ՚ունենայ։ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը մարդասիրական իսկական աղէտի մը դէմ յանդիման մնացած է եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ հանրային կարծիքը աստիճանաբար կը թօթափէ անտարբերութիւնը եւ կը կեդրոնանայ լուծման հեռանկարներու վրայ։