Լրահոս

ՅՈՅՍ՝ ՆՈՐ ԴԷՊՔԵՐԸ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի լարուածութեան զուգահեռ արդէն թէ՛ Եւրոպական միութեան եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ի կողմէ դիտորդական առաքելութիւններու տեղակայման պարագաները օրակարգի վրայ եկած են եւ գործնական քայլեր կ՚առնուին։ Վերջին օրերուն ԵԱՀԿ-ի կողմէ կարիքներու գնահատման նպատակով առաքելութիւն մը ուղարկուեցաւ Երեւան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ԻՐԱՆ Կ՚ՈՐԴԵԳՐԵՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ ՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, նաեւ Կապանի մէջ մասնակցեցաւ Իրանի հիւպատոսարանի բացման պաշտօնական արարողութեան։

ՓՐՈՖ. ԷԼՏԵՄԻՆ ՄԵԾԱՐԱՆՔ

Յայտնի պատմաբան փրոֆ. Էտհեմ Էլտեմ վերջին օրերուն Ֆրանսայի կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Լեժիոն տ՚Օնէօր» շքանշանով։ Ֆրանսական պալատին մէջ այս առթիւ մեծարանքի հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ ի պատիւ Էտհեմ Էլտեմի։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ԵՒ ԷՍԱԵԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ԲԱՑՕԹԵԱՅ ՀԱՄԵՐԳԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ

Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած «Beyoğlu Kültür Yolu» փառատօնը կը շարունակէ անմիջական ուշադրութեան արժանանալ։ Երէկ, Թիւնէլի մէջ, այս ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Բ. երիտասարդ արժէքներու համերգը։

ԵՒՐՈԱՍԻՈՅ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒՆ ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԱՒԱՔԸ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒԵՑԱՒ

Երեւանի մէջ եզրափակուեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետներու հաւաքը։ Երէկ, Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդը իրականացուց ընդլայնուած կազմով նիստը։

ՔԱՐԱՑԱԾ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ

Արարատ Միրզոյեան երէկ հիւրընկալեց Ամիր Ապտուլլահիանը, որ պաշտօնական այց մը տուաւ Երեւան:
«Թուրքիա Հայաստանի հետ բնականոնացման գործընթացը պէտք է աւելի ու աւելի քիչ կապէ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին հետ։ Ընդհակառակն, պէտք է գիտակցիլ, որ Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան յաջողութիւնը կրնայ դրական ազդեցութիւն գործել Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցային գործընթացին վրայ»:

ՎԱՐՉԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի նիստը։ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու վարչապետները մասնակցեցան այս ժողովին, որու տանտէրն էր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ մի առ մի ողջունեց բոլոր մասնակիցները՝ ներառեալ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը։

Էջեր