Լրահոս

«ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ»Ը ԱՆԽԱՓԱՆ

Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն»ը կը շարունակուի անխափան։ Ընդդիմադիր ցուցարարները այս առաւօտ շրջափակեցին Արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքը, ուր ոստիկանութեան ու բողոքաւորներուն միջեւ տեղի ունեցան բախումներ։

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՐՆԱՅ ՆՈՐ ՔԱՅԼԵՐ ԱՌՆԵԼ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կառավարութեան երէկուան ժողովէն վերջ հանդէս եկաւ ծաւալուն յայտարարութիւններով։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, նիստի աւարտին ան արտայայտուեցաւ երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգի բազում նիւթերու շուրջ։

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՄԷՋ

Արտաքին գործոց նախարարի կողմէ 15 տարի վերջ առաջին այցելութիւն՝ նոր իրադրութեան պայմաններով:
Եաիր Լափիտի հետ բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ կու գան դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերստին դեսպանի մակարդակին բարձրացնելու վերաբերեալ հարցեր: Ուղեւորութեան ծրագրով շփումներ նախատեսուած են նաեւ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավարութենէն յառաջատար դէմքերու հետ:

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻ ԱՌԱՋՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԷԿ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ ՍԿՍԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստան այս օրերուն կը հիւրընկալէ Եւրոպայի բռնցքամարտի առաջնութիւնը։ Երէկ երեկոյեան Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքի պաշտօնական բացման առթիւ։

ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻՈՒԹԵԱՆ ԽԱՓԱՆՈՒՄ

Թորինոյի մէջ ԵԽ-ի ժողով. «Այսօր մենք ականատես կ՚ըլլանք անվտանգութեան ճարտարապետութեան վերահաս անկման, ինչ որ չէ սկսած վերջին քանի մը ամիսներուն»:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան. «ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը առանցքային դեր ունի խաղաղ գործընթացը յառաջ մղելու հարցին մէջ»:

«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԱՋԱԿՑԻԼ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱՇԽՈՒԺԱՑՄԱՆ»

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, թէ իր երկիրը պատրաստ է աջակցիլ Հայաստան-Ատրպէյճան շփումներու աշխուժացման։
«Ինթերֆաքս» գործակալութեան հաղորդումներով, Պայտըն Ատրպէյճանի մօտալուտ Ազգային տօնին առթիւ շնորհաւորական մը ուղարկեց նախագահ Իլհամ Ալիեւին

Էջեր