ՆԵՐՔԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՅՔԱՐԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔԻ ԱԿՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Յետպատերազմեան իրավիճակով պայմանաւորուած աղիտալի ու տագնապալի պայմաններուն ներքեւ Հայասատանի մէջ ներքին քաղաքական պայքարը կը շարունակուի։ Ընդդիմութեան շարքերը կ՚ամրապնդուին՝ մինչ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը հետզհետէ աւելի համատարած բնոյթ մը կը ստանայ։