Հարթակ

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ՉԱՐԻ՞Ք, ԹԷ ԲԱՐԻՔ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Պետութիւններու արդի պատմութեան ընթացքին դիւանագիտութիւնը եղած է անոնց գործունէութեան հիմնական բաղադրիչներէն մին: Այո, դիւանագիտութիւնը ինքնին շատ հին պատմութիւն չունի եւ յարաբերաբար նոր ընկերային գիտութիւն կը համարուի, բայց այն 20-րդ եւ ներկայ 21-րդ դարուն վերելք ապրեցաւ զանազան պատճառներով:

ՀԱԼԷՊԷՆ ՊԷՅՐՈՒԹ՝ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐՈՒՆ ՎԻՃԱԿԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով երկու իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ Լիբանանի, ապա Սուրիոյ պարագային։
Լիբանանի հայահոծ շրջաններու դէպքերուն մասին մանրամասն անդրադառնալէ առաջ, պէտք է նշել, որ Սուրիան ընտրեց նոր խորհրդարան մը, որուն մէջ ի տարբերութիւն անցեալէն, հայութիւնը ունեցաւ միայն մէկ ներկայացուցիչ։

ԿՇԻՌՔԻ ՎՐԱՅ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու՝ յառաջիկայ նոյեմբերի նախագահական ընտրութիւնը միջազգային օրակարգի կիզակէտին:
Տանըլտ Թրամփի Սպիտակ տան վերադառնալու հաւանականութիւնը համաշխարհային հրատապ բոլոր հարցերու պարագային հաշուի կ՚առնուի որպէս շրջադարձային գործօն: Հանրապետականներու եւ դեմոկրատականներու ընտրապայքարը վաղուց դուրս եկած է ներքին քաղաքականութեան հունէն՝ նոր աշխարհակարգի մը խմորման այժմու ժամանակներուն: Ուաշինկթընի եւ Փեքինի մրցակցութեան հորիզոնները կ՚անդրանցնեն նոյնիսկ Եւրոպայի անվտանգութեան երաշխաւորումը, որու առընթեռ հերթի կը սպասեն՝ Իսրայէլի ճիրաններուն յայտնուած Կազզէն եւ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը :

ԱԿՆԱՐԿ - 76 - ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մուշեղ Եպիսկոպոս Սերոբեան իր «Վաղուան հոգին» գրքոյիկին մէջ յաջորդ եզրը՝ որու մասին կ՚անդրադառնայ, պետութիւնն է: Բնականաբար երբ պետութիւն կ՚ըսենք այդ ժամանակահատուածին համար, այսինքն՝ 19-րդ դարու սկիզբին, խօսքը կ՚երթայ այդ ժամանակաշրջանին:

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արաբ քաղաքացի մը, անկախութենէն վերջ տարածաշրջանէն ներս ոգեւորութեան ալիքը բարձրանալէ ետք, ցոյցի մը ընթացքին սպաննուեցաւ: Մինչ ան իր Տիրոջ մօտ է, կը կարօտնայ իր կնոջ, զաւակներուն եւ իր հայրենիքին:

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Առակաց 21.31-ին մէջ կը կարդանք. «Ձին պատերազմի համար կը պատրաստուի, բայց փրկութիւնը Տիրոջմէ է»: Ինչպէ՞ս պէտք է հասկնալ այս համարը:
Պատասխան.
Այս համարով իմաստուն առակագիրը կու գայ պատգամելու մեզի, որ ճի՛շդ է, թէ փրկութիւնը Տիրոջմէ է, բայց միաժամանակ, մարդ այդ փրկութեան մէջ իր մասնակցութիւնը պէտք է ունենայ, այսինքն՝ մարդ պէտք է աշխատի, ջանք թափէ, որպէսզի արժանանայ փրկութեան: 

ՄՇԱԿՈՅԹ, ԱՌՕՐԵԱՅ ԵՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ IQ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Ներկայ մեր ժամանակներուն մէջ ծաւալեցան հաւաքականութիւններու մտային, իմացական, գիտակցական եւ մշակութային տարողութիւնները եւ անոնց հետ առընչուած կիրառական աշխարհը: Կը նկատենք, որ ներկայիս մարդիկ հաւաքականօրէն աւելի խելացի են, ուշիմ ու բաց։

ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑՈՒՄԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մի­ջազ­գա­յին հար­թակ­նե­րու վրայ բա­ւա­կան մեծ նա­հանջ ապ­րե­ցաւ ու դեռ ալ կ՚ապ­րի Հա­յաս­տան-Ատր­պէյ­ճան հա­կա­մար­տու­թեան այս փու­լը, որ խոր­-քին մէջ եր­կար շղթա­յի մը շա­րու­նա­կա­կան օ­ղակն է։

Էջեր