ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ԷՍԱՏ ՊԻՏԻ ՀԱՆԴԻՊԻ՞Ն
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտիկ մէկէ աւելի հեղինակաւոր արաբատառ թերթեր վերջին օրերուն ռումբի նման «պայթեցուցին» այն լուրը՝ Էրտողան-Էսատ հաւանական հանդիպման մը մասին: Շրջանառուող լուրերուն համաձայն, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, նախաձեռնութեամբ՝ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի: