Ի՞ՆՉ ԿԸ ԿԱՏԱՐՈՒԻ ՍՈՒՐԻՈՅ «ՊԱՏԻՅԱ ԱԼ ՇԱՄ» ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ամերիկեան ուժերուն պատկանող երկու ուղղաթիռներ վերջերս զինուորական գործողութիւն մը կը կատարէին Սուրիա-Իրաք սահմանային հատուածին մերձակայ «Պու Քամալ» շրջանին մէջ: Գործողութեան թիրախը ԻՇԻՊ-ն («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում) էր եւ յարձակման հետեւանքով կը սպաննուէին անդամ ութ զինեալներ: