ՆՈՒԷՐՆԵՐԷՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ՝ ՀԱՅԵՐԷՆ ԳԻՐՔԸ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Նոր տարին արդէն մեր դռներուն սեմին է: Իբրեւ ծնողք, համաձայն գեղեցիկ սովորութեան, անկասկած կը մտածենք ուրախանցնել մեր զաւակը կամ թոռը պատշաճ նուէրով: Գեղեցիկ աւանդութիւն, նաեւ սէր եւ գուրգուրանք արտացոլող: