ԱՆՑԱՒՈՐ ԵՒ ԱՂՑԱՒՈՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անցաւոր եւ Աղցաւոր այս աշխարհի վրայ կը տուայտինք…»։ Թովմա Ա. Քհնյ. Շիկահերի իր քարոզներուն մէջ յաճախ արտասանած խօսք մըն է ասիկա, որ խոր իմաստ մը ունի, եւ կարծես լաւագոյն կերպով կը բացատրէ մարդկային կեանքը՝ որ կ՚ապրուի այս «անցաւոր» եւ «աղցաւոր» աշխարհի վրայ։