ՄԵՂՈՒՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿՈՎ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան հետաքրքրական է դիտել մեղուներու աշխատանքը, հետեւիլ անոնց գործունէութեան եւ ուսումնասիրել ապրելու եւ աշխատելու իրենց եղանակը։ Պէտք է խոստովանիլ, թէ անոնց աշխատելակերպը տիպար մըն է մարդոց համար մանաւանդ յարատեւելու, անվհատ գործելու կարեւորութիւնը ցոյց տալու տեսակէտէ։