Արխիւ

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ լրագրող-բանաստեղծուհի Վերճիհան Զիֆլիօղլու հրատարակած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Beni Unutma Rusyam»։ Այս գիրքը շուրջ եօթ տարուան ընթացքին հեղինակին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ պատրաստուած է։

Շաբաթ, Փետրուար 2, 2019

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աւետարանի մէջ (ՄԱՏԹ. ԻԲ 2-14) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԴ 16-24) երբ կը խօսուի «հարսանեկան խրախճանք»ի մասին, ուր շատեր մերժած են մասնակցիլ անոր, կը խորհրդանշէ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Ուստի խրախճանքի համար «Մորթուած զուարակ»ը, այսինքն մատաղ ցուլը՝ Ի՛նքն՝ Աստուծոյ Գառն է, որ զոհուեցաւ մեզի՝ մեղաւորներու փրկութեանը համար, որպէսզի լիանանք Անոր Սուրբ Մարմնով եւ Արեամբ, եւ միանանք Անոր հետ ամենասերտ միութեամբ, եւ ըլլանք մարմին՝ Անոր Մարմինէն եւ ոսկոր՝ Անոր Ոսկորներէն, ինչպէս որ հարկ է հարսին՝ Եկեղեցին։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) անգլիատառ պարբերաթերթի՝ «AGBU Insider»ի՝ դեկտեմբեր 2018-ի յաւելուածէն քաղելով կը ներկայացնեմ հետեւեալ շահեկան տեղեկութիւնները.

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ ԱՔ կուսակցութիւնը ներկայացուց իր որդեգրած նպատակները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը ձգտի նոր որակ մը տալ երկրի քաղաքներուն եւ մասնաւոր համակարգով մը հետեւիլ քաղաքապետութիւններուն:

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Հօրս կամքը հետեւեալն է.- Ով որ տեսնէ Որդին եւ հաւատայ անոր՝ յաւիտենական կեանք պիտի ունենայ. եւ ես պիտի յարուցանեմ զայն վերջին օրը» (ՅՈՎՀ. Զ 40)։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

-Գացի, եկայ վեց տարիէն աւելի լքած ծննդավայրս: Եօթը օրուան կեցութիւնս տարի մըն էր կարծես:

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ այս օրերուն Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններ տեղի կ՚ունենան՝ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները աչքէ անցընելու նպատակով։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս նպատակով թրքական պատուիրակութիւն մը մեկնած է Մոսկուա, ուր ձեռնարկած է հանդիպումներու։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան-Քլոտ Եունքէր յայտարարեց, որ Անգլիոյ խորհրդարանի վերջին քուէարկութիւններու արդիւնքով առանց համաձայնութեան BREXIT-ի ռիսքը աւելցած է։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Պրիւքսելի մէջ, Եւրոխորհրդարանէն ներս մասնաւոր նիստ մը տեղի ունեցաւ BREXIT-ի օրակարգով։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

​Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը պիտի ունենայ սփիւռքի գծով յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան մը, որ պիտի ըլլայ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու ներկայացուցիչը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ այս նիւթին անդրադարձաւ Քէօլնի մէջ, գերմանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայ ամսուան մէջ պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Իրան։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս նոր շրջան:
Մարսէյլէն Ռոպէր Ազիլազեան նորընտիր Թեմական խորհուրդի ատենապետ ընտրուեցաւ:

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց, որ Մոսկուա կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ տեղի ունեցած բարձր մակարդակի քաղաքական վերջին շփումները։ «Մենք բարեխղճօրէն եւ, իմ կարծիքով, որակեալ կ՚իրականացնենք մեր միջնորդական գործառոյթները։

Ուրբաթ, Փետրուար 1, 2019

Նիկոլ Փաշինեան. «Մեր երկիրը պէտք է ունենայ ուժանիւթի աղբիւրներու տեսակաւորութիւն»:
Դէպի Գերմանիա պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետը Քէօլնի երէկուան շփումներէն վերջ անցաւ Պերլին:

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց վարչապետն ու նախարարաց խորհուրդի անդամները:
Հայաստանի նոր կառավարութեան անդամները երէկ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած կարգով կոչուեցան պաշտօնի:

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Գերմանիա։ Պերլինի մէջ նախատեսուած են իր հանդիպումները Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայնմայէրի, Պունտեստակի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի եւ վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հովուապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Աւստրալիա։ Այս ուղեւորութիւնը տեղի կ՚ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Տ. Հայկազուն Եպսկ. Նաճարեանի եւ թեմական խորհուրդի հրաւէրով։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Հայաստանի եւ հայութեան փոխներգործութիւնը Մետաքսի ճամբուն հետ ունի աւելի քան 2000 տարուան պատմութիւն: Այս յօդուածով կ՚ուզեմ լուսարձակի տակ առնել երկու փուլեր, նախ Մեծն Տիգրանի փուլը եւ ապա հետազօտութեամբ 15-18-րդ դարերու Նոր Ջուղայի հայ վաճառականներու դերը՝ վերականգնելու Մետաքսի ճամբու գործունէութիւնը Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ:

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Հար­ցում.- Ինչ­պէ՞ս կրնամ ձեր­բա­զա­տիլ ա­գա­հու­թեան մեղ­քէն։

 

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

Կը տեղեկանանք, որ Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկը վերահրատարակած է՝ Մխիթարեան ուխտէն հոգելոյս Հայր Արիստակէս Վրդ. Պօհճալեանի բացատրական Առձեռն բառարանը։ 1975 թուականին, հեղինակի թոյլտուութեամբ այս բառարանը հրատարակուած էր Ուսուցչաց հիմնարկին կողմէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 31, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի՞նչ կը նշանակէ «Քրիստոնեայ ըլլալ»։ Արդարեւ հարցը սա է. «Քրիստոնեայ անուանուի՞լ» թէ «քրիստոնեայ ըլլա՛լ»։ Ուստի անուանեալ քրիստոնեայ ըլլալ եւ հոգւով քրիոտոնեայ ըլլալ տարբեր վիճակներ են, ինչպէս կեանքի մէջ ամէն վիճակ։

Էջեր