Արխիւ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցան «Մոս­կուա­յի օ­րեր»ը։ Այս շրջագ­ծով ռու­սա­կան ա­րուես­տի եւ մշա­կոյ­թի հետ շփուե­լու կա­րե­ւոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն մը ըն­ձե­ռուե­ցաւ գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն՝ մա­կար­դա­կա­ւոր ձեռ­նարկ­նե­րով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու մէջ, Պոս­թո­նի հա­մալ­սա­րա­նի Ա­րուես­տի եւ գի­տու­թեան գո­լէ­ճէն ներս դա­սա­ւան­դու­թիւն­ներ սկսած են Հո­լո­քոս­տի եւ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու մա­սին։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս շրջագ­ծով կ՚ու­սու­ցուի նաեւ հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նիւ­թը, ինչ որ ար­ձա­գանգ գտած է հա­մալ­սա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջին վրայ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան կող­մէ ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Տիար­պա­քը­րի մէջ կազ­մա­կեր­պուած պայ­թու­մին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Հան­րա­յին կար­ծի­քին մօտ լուրջ ցա­սում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է այս դէպ­քը՝ թի­րա­խա­ւո­րած ըլ­լա­լով քա­ղա­քա­յին ժո­ղո­վուր­դը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս պարգեւատրում:
Գուրգէն Պերքսանլարին շնորհուեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» շքանշանը:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

Հա­յաս­տան-Վրաս­տան սահ­մա­նի պայ­ման­նե­րը բա­րե­լա­ւե­լու ուղ­ղու­թեամբ եր­կու եր­կիր­նե­րուն կող­մէ կը ծա­ւա­լուին հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տանք­ներ։ Նոյ­նիսկ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ կը խրա­խու­սուի հայ-վրա­ցա­կան սահ­մա­նի մաք­սա­կէ­տե­րուն ար­դիա­կա­նա­ցումն ու անց­քե­րու պայ­ման­նե­րուն բա­րե­լա­ւու­մը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

«Երեւան եւ Ուաշինկթըն կը քննարկեն ռազմական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնը»:
Մայքըլ Քարփենթըրի համոզմամբ, Ռուսաստանի կողմէ այսպիսի տարածքաշրջանի մը մէջ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին զէնքի մատակարարումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ճանապարհը չէ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 5, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ի՞նչ ճա­կա­տա­գիր կը սպա­սէ Մու­սու­լին: Յատ­կա­պէ՛ս երբ Ի­ՇԻՊ («Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն») ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մը պար­տու­թեան մատ­նուե­լէ եւ ցի­րու­ցան ըլ­լա­լէ ետք հե­ռա­նայ այդ հա­տուած­նե­րէն:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ նախաձեռնութիւն մը:
Համաշխարհային դրամատունը մտադիր՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու նոր ծրագրերու համար:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Հա­մա­ցան­ցի վրայ ար­դէն հա­սա­նե­լի դար­ձած է հա­յե­րէն Աս­տուա­ծա­շուն­չը՝ ե­լեկտ­րո­նա­յին տար­բե­րա­կով։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ար­դէն շուրջ 8500 հո­գի ներ­բեռ­նած է այդ մէ­կը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Հայկական հանրագիտարանի հրատարակչութեան խմբագրութիւնը յառաջ կ՚ընթանայ կենսունակութեամբ:
50-ամեայ յոբելեանին առթիւ Երեւանի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթը համախմբեց գիտական աշխարհէն դէմքեր:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Խորհր­դա­րա­նի կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէն ՀՏՓ­-ի հա­մա­կու­սակ­ցա­պետ­նե­րը՝ Ֆի­կէն Եիւք­սեք­տաղ, Սե­լա­հատ­տին Տե­միր­թաշ եւ Սըր­րը Սիւ­րէյ­յա Էօն­տէր, ինչ­պէս նաեւ ՀՏՓ­-ա­կան այլ ինն ե­րես­փո­խան­ներ ե­րէկ ուշ գի­շե­րին առ­նուե­ցան հսկո­ղու­թեան տակ։ Տե­միր­թաշ ձեր­բա­կալ­ման պա­հան­ջով ու­ղար­կուա­ցաւ դա­տա­րան։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Ե­րէկ, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Եդուարդ Նալ­պան­տեան շփում­ներ ու­նե­ցաւ Պեր­լի­նի մէջ, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Գեր­մա­նիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆրանք-Վալ­թէր Շթայն­մա­յէ­րի կող­մէ։ Օ­րուան տե­ւո­ղու­թեան Նալ­պան­տեան տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի, Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան եւ անվ­տան­գու­թեան հար­ցե­րով ա­ւագ խորհր­դա­կան Քրիս­տոֆ Հոյս­կէ­նի հետ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Այ­սօր Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի գա­հա­կա­լու­թեան տա­րե­դարձն է։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը 17-րդ տա­րին կը թե­ւա­կո­խէ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի գա­հուն վրայ՝ որ­պէս աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան հայ­րա­պե­տը, ա­մե­նա­սի­րե­լի հո­վուա­պե­տը եւ ընդ­հան­րա­կան գլու­խն ու ծայ­րա­գոյն պատ­րիար­քը Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի գա­հա­կա­լու­թեան այս նոր փու­լը դար­ձեալ կու գայ թար­մաց­նել իր աշ­խար­հաս­փիւռ հօ­տին ջեր­մե­ռանդ զգա­ցում­նե­րը՝ ի­րեն նկատ­մամբ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Արմաւենի Միրօղլու պատուաբեր կոչում մը ստացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
«Պոլսահայերը (1923-1939)» գրքին շնորհանդէսը տեղի ուեցաւ Էսաեան սանուց միութեան երդիքին տակ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Տիար­պա­քը­րի մէջ այս ա­ռա­ւօտ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­հա­բեկ­չա­կան պայ­թում մը։ Քա­ղա­քի կու­սա­կա­լու­թեան աղ­բիւր­նե­րը տեղե­կա­ցու­ցին, որ ան­ջա­տո­ղա­կան ա­հա­բեկ­չա­կան ՓՔՔ կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ­նե­րէն մին ռումբ մը պայ­թե­ցու­ցած է Տիար­պա­քը­րի Անվտան­գու­թեան տնօ­րէ­նու­թեան Պաղ­լար գա­ւա­ռա­կի մաս­նա­շէն­քի մօ­տա­կայ­քին։ Այս դէպ­քին հե­տե­ւան­քով մէկ հո­գի զոհուե­ցաւ, ա­ւե­լի քան ե­րե­սուն հո­գի ալ վի­րա­ւո­րուե­ցաւ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշ­լեան իր «Եղ­բայր ենք մենք» բա­նաս­տեղ­ծու­թեան իւ­րա­քան­չիւր տու­նը սա­պէս կը վեր­ջաց­նէ. «Ընդ աս­տե­ղօք ինչ կայ սի­րուն, Քան զանձ­կա­լի եղ­բայր ա­նուն…»։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Ե­գիպ­տո­սի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը չի­նա­կան «Չայ­նա Ֆոր­չուն Լենտ Տե­ւե­լոփ­մընթ» ըն­կե­րու­թեան հետ գո­յա­ցու­ցած է հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը, ո­րուն ծի­րին մէջ չի­նա­կան կող­մը 20 մի­լիառ տո­լա­րի ներդ­րում պի­տի կա­տա­րէ Ե­գիպ­տո­սի նոր մայ­րա­քա­ղա­քի կա­ռուց­ման նա­խագ­ծին մէջ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Նշա­նա­ւոր հայ բե­մադ­րիչ-վա­ւե­րագ­րող, բե­մա­գիր, դե­րա­սան Ար­տա­ւազդ Փե­լե­շեան Չե­խիոյ Եիկ­լա­ւա քա­ղա­քին մէջ տեղի ու­նեցած Վա­ւե­րագ­րա­կան շար­ժա­պատ­կե­րի մի­ջազ­գա­յին փա­ռա­տօ­նին ըն­թաց­քին ար­ժա­նա­ցած է պար­գե­ւի՝ հա­մաշ­խար­հա­յին շար­ժա­պատ­կե­րի աշ­խար­հին մէջ ու­նե­ցած ա­ւան­դին հա­մար։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 4, 2016

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի նո­րան­շա­նակ ա­ւագ մար­զիչ Ար­թուր Պետ­րո­սեան, որ 1 Նո­յեմ­բե­րի դրու­թեամբ ձեռ­նար­կած է պաշ­տօ­նի, ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ՝ երկ­րի Ֆութ­պո­լի դաշ­նակ­ցու­թեան նա­խա­գահ Ռու­բէն Հայ­րա­պե­տեա­նի կող­մէ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Ար­թուր Պետ­րո­սեան նշեց, որ կը պատ­րաս­տուի փո­փո­խու­թիւն­նե­րու են­թար­կել հայ­կա­կան ընտ­րա­նին։ Իր օգ­նա­կան­նե­րը պի­տի ըլ­լան՝ Սար­գիս Յով­հան­նի­սեան եւ Ռազ­միկ Գրի­գո­րեան, ո­րոնք եր­կար տա­րի­ներ մաս կազ­մած են հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2016

Ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Ֆիք­րի Ը­շըք եւ Ցա­մա­քա­յին զօր­քե­րու հրա­մա­նա­տար զօ­րա­վար Սա­լիհ Զե­քի Չո­լաք ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցան Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ։ Ա­նոնք այ­ցե­լե­ցին Ռէյ­հան­լըի պա­հա­կա­կէ­տե­րը եւ ա­ւե­լի վերջ փու­թա­ցին Հա­թա­յի կու­սա­կա­լու­թիւն։

Էջեր