Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ողջախոհութիւն» կը նշանակէ սեռականութեան ստեղծած եւ կազմաւորած համարկումը անձին մէջ եւ անոր միջոցով՝ մարդուն «ներքին միութիւն»ը իր մարմնաւոր-ֆիզիքական եւ հոգեւոր-բարոյական էութեան մէջ։ «Սեռականութիւն»ը՝ որուն մէջ կ՚արտայայտուի մարդուն մարմնական եւ կենսաբանական աշխարհին պատկանելիութիւնը, կը դառնայ անձնական եւ իսկապէս մարդկային՝ երբ ան կը համարկուի անձէ անձ կատարուած առընչութեամբ, մարդուն եւ կնոջ ամբողջական եւ ժամանակապէս անվերջ փոխադարձ նուիրումին մէջ։
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Հասարակութեան Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք Զէքիեան անցեալ Կիրակի Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ մատոյց Ս. Պատարագ եւ խօսեցաւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագի ընթացքին Զէքիեան Գերապայծառ ծայրագոյն վարդապետի գաւազան շնորհեց Հայր Վարդան Գազանճեանին, որ Պէյրութէն եկած ըլլալով՝ միջոցէ մը ի վեր կը պաշտօնավարէ քաղաքիս մէջ, Հայ Կաթողիկէից Արքեպիսկոպոսարանի հովանաւորութեան ներքեւ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը, անդամներէն Նուրհան Ճէմճէմը եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւնը։
Պէյօղլուի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, ներկայիս Թաքսիմի հրապարակին վրայ կազմակերպուած է փառատօն մը, որուն համար նախատեսուած է յիսնօրեայ ծրագիր մը։ Պէյօղլուի յիսնօրեայ փառատօնը թէեւ առաջին անգամ կը կազմակերպուի, սակայն կ՚արժանանայ մօտիկ հետաքրքրութեան։ Յայտագիրը կ՚ընդգրկէ շարք մը ենթակայ տօնավաճառներ, որոնք կեանքի կը կոչուին հերթականութեամբ։
Ամերիկահայ յայտնի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեան նախընթաց գիշեր յարձակման ու կողոպուտի ենթարկուեցաւ Փարիզի մէջ, ուր կը գտնուէր մասնակցելու համար նորաձեւութեան շաբթուան։ Կէս գիշերը անց, ոստիկանական տարազով անձ մը յաջողեցաւ մուտք գործել Քիմ Քարտաշեանի իջեւանած բնակարանը՝ չէզոքացնելով պահակը։
Ճաբոնէն յայտնի գիտնական Եոշինորի Օհսումի նուաճեց 2016 թուականի Նոպէլեան բժշկութեան մրցանակը։ 71-ամեայ գիտնականը նպաստած է՝ որպէսզի քաղցկեղի եւ փարքինսոնի նման հիւանդութիւնները ըմբռնուին աւելի լաւ։
Ատրպէյճանի բանակը երէկ զօրավարժութիւններու սկսաւ Նախիջեւանի մէջ։ Կը հաղորդուի, որ ինքնավար Հանրապետութենէն ներս ռազմափորձերուն կը մասնակցի առանձին բանակ մը։
ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ կապակից երկիրներու հաւաքը:
Երեւանի մէջ ծաւալուած աշխատանքը նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ Հայաստանէ ներս այս ոլորտի զարգացման առջեւ:
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդին ժողովը։ Պեշթեփէի պալատէն ներս կառավարութեան նիստը գլխաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որու կողքին էր նաեւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։ Ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ եւս երեք ամիսով երկարաձգել՝ երկրէն ներս հաստատուած արտակարգ դրութեան կիրառումը։
Հայաստանի մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի երէկուան նշանակումներով գրեթէ եզրափակուեցաւ։ Երէկուան կարգադրութիւնները ոչ միայն յստակեցուցին նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան շարք մը առանցքային դէմքերը, այլ նաեւ վերաձեւաւորեցին բանակի վերնախաւը եւ ռազմավարական նշանակութեամբ պետական կառոյցներու գլխաւոր դէմքերը։
Գերմանացի խորհրդարանականներ վաղը պիտի այցելեն Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը։ Անգարայի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Քունց երէկ յայտնեց, որ Պունտեսթակի վեց անդամներ վաղը պիտի այցելեն Ինճիրլիք։
Թրքական եւ օսմանական ուսումնասիրութիւններու երկրորդ համաեւրոպական համաժողովը տեղի ունեցաւ Համպուրկի մէջ:
Գիտական հաւաքին զուգահեռ կազմակերպուած ցուցահանդէսի ալպոմին մէջ յատուկ անդրադարձ՝ հայոց ձեռագրերու աւանդութեան:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Շատ մը նախապաշարեալներ կը հաւատան, որ երազները անպայման իմաստ մը կ՚ունենան, եւ որ անոնք մեկնաբանութեան կը կարօտին
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայագիտական մեծարժէք ժառանգութեան տէր՝ բազմավաստակ հեղինակութիւն է Փրոֆ. Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան (1896-1989), որուն ծննդեան 120-ամեակը կը նշուի Սեպտեմբերի 5-ին:
Երեւանի մէջ «Վերսուս» սթիւտիոյի նոր նախագծին հիման վրայ շահեկան ցուցահանդէս մը. «Մարդը դէմ յանդիման բռնութեան»:
Տիգրան Պասկեւիչեան, Արա Շիրինեան եւ Սաթենիկ Ֆարամազեան հերթական անգամ կը թարմացնեն հաւաքական յիշողութիւնը՝ արդի պատմութեան լաբիւրինթոսներուն մէջ, ուր մարդիկ իրենց ապրումներու յաճախ զգացական, նաեւ զգայացունց դրուագներով կ՚ունենան ներքին հայեացքի եզակի հնարաւորութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Լոյսը աշխարհ եկաւ, բայց մարդիկ խաւարը լոյսէն աւելի սիրեցին, որովհետեւ չարութիւն կը գործէին։ Ով որ չար գործ կը կատարէ, կ՚ատէ լոյսը եւ լոյսին չի գար, որպէսզի իր գործերը չյայտնուին։ Սակայն ով որ կը կատարէ ի՛նչ որ ճշմարիտ է՝ լոյսին կու գայ, որպէսզի յայտնի ըլլայ թէ իր գործերը Աստուծոյ կամքին համաձայն գործուած են» (ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ, Գ 19-21)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը կը խօսի, խօսքով կ՚արտայայ-տըւի եւ խօսքը յատկանշական եւ իւրայատուկ առաւելութի՛ւնն է մարդուն։ Ամէն մարդ կը խօսի, ոմանք քիչ խօսքով շատ բան կ՚ըսեն, ոմանք ալ շատ խօսքով ո՛չինչ կ՚ըսեն…։
Ամրան ամիսներուն Մեծ կղզիի Ս. Աստուածածին Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ յառաջ տարուեցան շարք մը աշխատանքներ՝ համախմբելու համար մանուկները։ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի օրհնութեամբ սկսան աշխատանքները, որոնց շրջագծով արժէքաւոր արուեստագիտուհի Նաթալի Դաւիթեանի մականին ներքեւ ստեղծուեցաւ մանկապատանեկան թատերախումբ մը։
Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ աւանդական արարողութիւններուն:
Կէտիկփաշայի Զուարթնոց Դպրաց Դաս-երգչախումբին տարեդարձը այս տարի նշուեցաւ արտասովոր խանդավառութեամբ եւ յիշատակներու վերաթարմացմամբ:
Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրները ի յիշատակ իրենց ծնողաց Սկիւտարի գերեզմանատան Ս. Խաչ թաղամասէն ներս ապահովեցին շքեղ շիրիմի մը կառուցումը:
Արքունի ճարտարապետներու Պալեան գերդաստանի անդամներու նորակերտ դամբարանի պաշտօնական բացման առթիւ հանդիսաւոր արարողութիւն: Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Ներկայ էին նաեւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ, Մշակոյթի նախարարութեան խորհրդատու Էօմէր Արըսօյ եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ: Բարերարներուն յանձնուեցաւ օրհնութեան գիր մը՝ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ: