Արխիւ
Իսթանպուլի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։ Այս առթիւ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Իսմէթ Եըլմազ կը հիւրընկալէ իր երկու պաշտօնակիցները՝ Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշելին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արտակ Զաքարեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջերս այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ։ Քնեսէթի պաշտօնական հրաւէրին հիման վրայ պատուիրակութիւնը շփումներ ունեցաւ Երուսաղէմի եւ Թէլ Աւիւի մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացէն ներս կը շարունակուի բարձր մակարդակի երկխօսութիւնը:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի տեսակցին Շաբաթ՝ 19 Դեկտեմբերին:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Յաճախ կը խօսուի Հայաստան-Թուրքիա մշակութային երկխօսութեան անհրաժշտութեան մասին, որ պիտի ըլլայ նաեւ մշակոյթի միջոցաւ երկու երկիրներու ժողովուրդները համախմբելու եւ արուեստի խաղաղարար ուժի շնորհիւ նոր պատգամներ յղելու նոր սերունդներուն: Այդ առումով որոշ յաջողուած ծրագրեր արդէն կեանքի կոչուած են, իսկ վերջինը, որ տեղի ունեցաւ այս շաբթուան սկիզբը՝ 14 Դեկտեմբերին, Երեւանի մէջ, թէ՛ շարունակութիւնն է որոշ մակարդակներու վրայ սկսած երկխօսութեան եւ թէ իր ձեւի մէջ նորութիւն է:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գրիչ բռնել» կամ «գրիչ շարժել», այսինքն՝ գրիչը գործածել, օգտագործել եւ գրիչին կեա՛նք տալ, մէկ բառով եթէ արտայայտել ուզենք՝ գրե՛լ։ Լաւ է այս։
Աշխարհը ծառերը զարդարեց:
Ծառս ու ես զիրար կը փնտռենք.
Տէն Հաակի շուկաներուն մէջ, շուարած ոտքերով, խելառ, մոլոր աչքերով, ծառս
ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Աշխարհը ծառերը զարդարեց:
Ծառս ու ես զիրար կը փնտռենք.
Տէն Հաակի շուկաներուն մէջ, շուարած ոտքերով, խելառ, մոլոր աչքերով, ծառս կը փնտռեմ:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը վերջին երկու օրերուն արտասովոր ոգեւորութիւն ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանին ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսին առթիւ։ Ամանորին ընդառաջ կազմակերպուեցաւ այս աւանդական ձեռնարկը՝ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յարակից Տատեան վարժարանի նախկին շէնքի սրահին մէջ։
Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ այս շաբաթավերջին։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեամբ համայնքային շրջանակները հերթական անգամ պիտի համախմբուին զօրակցելու համար Եշիլգիւղի ընտանիքին, որ վերջին տարիներուն կ՚արձանագրէ յարատեւ վերելք։
Տիարպաքըրի մէջ երէկ ապրուեցաւ ահաբեկչական յարձակում մը, որու հետեւանքով նահատակուեցաւ երեք անվտանգութեան պաշտօնեայ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Տիարպաքըր-Սիլվան ճանապարհին վրայ զրահապատ ոստիկանական մեքենայ մը թիրախը դարձաւ անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան անդամներուն կողմէ զետեղուած ռումբին։
Սուրիահայ Թէքէեան ընտանիքի ողբերգական ճակատագիրը ներկայիս խոր յուզում կը պատճառէ համայն հայութեան։ Ծանօթ է, որ Թէքէեանները փորձած էին հասնիլ Յունաստան եւ Եգէականի մէջ ընկղմած էր իրենց լաստանաւը։
Մոսկուայի մէջ երէկ բարձր մակարդակի բանակցութիւններ տեղի ունեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի ղեկավարութեանց միջեւ։ Օրուան սկիզբին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով ծաւալեցին երկարատեւ քննարկումներ։
Ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս Մխիթարեան վարժարանի մանկապատանեկան երգչախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ Աւստրիական Մշակոյթի կեդրոնի կողմէ սարքուած Ս. Ծննդեան համերգին:
Ամանորի ընդառաջ Էսաեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած աւանդական քէրմէսը վերջին երկու օրերուն արժանացաւ անմիջական ուշադրութեան։ Զանազան թաղերէ Էսաեանի համակիրներ եւ վարժարանի շրջանաւարտներ համախմբուեցան վարժարանի սրահին մէջ, ուր զետեղուած էին քէրմէսի տաղաւարները։
«Ներդաշնակութեան մեղեդի» ծրագրին շրջագծով Սիպիլ արձանագրեց իր հերթական նուաճումը
Պոլսահայ մեներգչուհին Երեւանի մէջ անգամ մը եւս յաջողեցաւ գրաւել երաժշտասէրներուն սիրտը
Ազգային կրթութեան նախարարութեան խորհրդատուն այցելեց Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանը:
Սարվէն Սերթշիմշէք Եուսուֆ Թեքինի հետ զրուցելու ընթացքին օրակարգի վրայ բերաւ թրքահայ դպրոցներու կարգավիճակի հարցը:
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 14-ին, սիրոյ ու մեծարանքի, հպարտութեան եւ յուզումի վարակիչ զեղումով ու հանդիսաւորութեամբ, ի Հայաստան թէ սփիւռս աշխարհի, հայութիւնը կը նշէ ծննդեան տարեդարձը հայոց աննման ձայնաւորին, հայ երգի ու դասական երաժշտութեան հմայիչ «Սոխակ»ին՝ Գոհար Գասպարեանի (Խաչատուրեան, 1924-2007)։
Երեւանի մէջ երէկ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, որ ձօնուած է յայտնի նկարիչ Փանոս Թէրլէմէզեանի 150-ամեակի յոբելեանին։ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ կ՚իրականանայ այս ցուցահանդէսը, որու բացումը արժանացաւ գեղարուեստասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։
Մոտայի Ծովային ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը, որու մասնակիցները համտեսեցին Թուրքիոյ փոքրամասնական հաւաքականութիւններու խոհանոցին բնորոշ աղանդերներ եւ ճաշեր։ Այս ընթրիքը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ խոհանոցի բարեկամներու միութեան նախաձեռնութեամբ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց 2016 թուականի եկեղեցական օրացոյցները։ Պաշտօնական օրացոյցը կազմուած է Շիրակի Թեմի Առաջնորդ Տ. Միքայէլ Եպսկ. Աջապահեանի կողմէ։
