Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անգիտութիւն» կամ «տգիտութիւն»՝ կը նշանակէ պակաս կամ սխալ տեղեկութիւն ունենալ որեւէ իրողութեան նկատմամբ։ Անշուշտ, մա՛րդ ամէն բանի մասին կատարեալ, անթերի տեղեկութիւն չի կրնար ունենալ, քանի որ գիտութիւնը անսահման է, իսկ մարդկային միտքը՝ սահմանաւոր։
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
ԳՈՀԱՐ-ի աւանդավէպը սկսաւ հիւսուիլ թուականէս շուրջ քսան տարիներ առաջ, երբ 1996 թուականին Տիկին Գոհար Խաչատուրեան այցելեց Հայաստանի հիւսիսային շրջանները, որոնք 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժին պատճառով ենթարկուած էին քանդումի: Տեսնելով շրջանի ժողովուրդին ահաւոր թշուառ վիճակը, ազնուասիրտ հայուհին որոշեց աշխատանքի նոր առիթներ և եկամուտի աղբիւրներ ստեղծել անոնց համար:
ԳՈՀԱՐ սիմֆոնիք նուագախումբ-երգչախումբի Պէյրութի մէջ ունեցած վերջին համերգաշարին արձագանգները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ, երէկ, ԳՈՀԱՐ-ի շուրջ երկուհարիւր անդամ-անդամուհիները այցելեցին Անթիլիաս, ուր հիւրընկալուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Փրոֆ. Ալպերթ Խառատեան լոյս ընծայեց «Արեւմտահայ մամուլն իր պատմութեան աւարտին» խորագրեալ գիտական գործ մը:
Աշխատասիրութեան մէջ վերարտադրուած են նաեւ Պոլսոյ եւ Զմիւռնիոյ հայկական անկուսակցական պարբերականներուն ազգային ու հասարակական բովանդկութեան հիմնական կողմերը:
Միջին Արեւելքի հոգեւոր առաջնորդները տարածքաշրջանի տագնապալի իրադրութեան մթնոլորտին մէջ անմիջական շփման մէջ կը մնան իրարու հետ։ Այսպէս, Ասորի Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ վանքին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեւոր պետերու հանդիպում, որուն ներկայ էին Միջին Արեւելքի հոգեւոր պետերը եւ իրենց ներկայացուցիչները։
2016 թուականի Փետրուարի 26-ին, Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ գտնուող ՖԻՖԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենան ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւնները:
Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի քահանայական ձեռնադրութեան եւ եպիսկոպոսական օծման կրկնակ տարեդարձներուն առթիւ փայլուն արարողութիւններ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս Նորին Սրբազնութիւնը շրջապատուեցաւ ամենաջերմ զգացումներով:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գումգաբուի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ընդհանուր Փոխանորդը կը մասնակցի Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ժողովին, որ կը գումարուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Վիրահայոց Թեմէն ներս հոգեւոր ցնծութիւն:
Ս. Գէորգ Առաջնորդանիստ պատմական եկեղեցին պաշտամունքի վերաբացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը - Ներկայ էին նաեւ Սերժ Սարգսեան եւ Հայաստանի պետական աւագանիէն դէմքեր: Պիծինա Իվանիշվիլի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Նորին Սրբութեան ձեռամբ:
«Հայճար»ի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ ելոյթ մը ունեցաւ Հայաստանի Ճարտարապետական թանգարանի տնօրէն Աշոտ Գրիգորեան։ Ֆէրիգիւղի «Շիրինօղլու» սրահին մէջ կազմակերպուած երեկոյթին ընթացքին ողջոյնի խօսքը մը արտասանեց «Հայճար»ի վարչութեան ատենապետ Ժան Կավրիլոֆ։
Գատըգիւղի քաղաքապետութեան Եէլտէյիրմենիի մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ֆրանսացի յօրինողներու ստեղծագործութիւններու ձօնուած համերգ մը, որ արժանացաւ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան։ Այս համերգին ընթացքին հանդէս եկաւ մեցցօ-սոփրանօ Լեռնա Պալօղլու-Աքպուլութ, որ կատարողական ընդունակութիւններով արձանագրեց փայլուն յաջողութիւն մը։
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Հայաստանի Քննչական կոմիտէին նուիրեց շարք մը սարքաւորումներ եւ համակարգչային ծրագրեր՝ քրէական գործերու թուայնացման նպատակով։ Այս առթիւ կազմակերպուեցաւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպան Ռիչըրտ Միլս եւ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի նախագահ Աղուան Յովսէփեան։
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ կողմէ պատուակալ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ Մոսկուայի Միջազգային յարաբերութիւններու պետական կաճառի վերատեսուչ ակադեմիկոս Անաթոլի Թորքունովի։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան համապատասխան վկայականը Թորքունովին յանձնեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը, որ տեղի ունեցաւ ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ։
Յունիս 7-ի ընտրութեանց արդիւնքին զուգահեռ՝ Հանրապետական պատմութեան մէջ աննախընթաց ձեւով խորհրդարանէն ներս աթոռներ պիտի զբաղեցնեն նաեւ երեք հայ երեսփոխաններ, միաժամանակ։ Այս արդիւնքը վերահաստատուեցաւ երէկուան քուէարկութիւնով։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու. «Երաշխաւորուած է երկրի եօթանասունութ միլիոն քաղաքացիներէն իւրաքանչիւրին իրաւունքը անխտիր»:
ԱՔ կուսակցութիւնը երէկուան ընտրութիւններու արդիւնքին տիրացաւ քուէներու 49.4 տոկոսին եւ խորհրդարանէն ներս 316 երեսփոխանական աթոռ ապահովելով՝ իրաւունք շահեցաւ տեւականացնելու միահեծան իշխանութիւնը: Գլխաւոր ընդդիմադիրի դիրքին վրայ մնաց ՃՀՓ, մինչ լուրջ կորուստներ ունեցան ՄՀՓ եւ ՀՏՓ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նուիրում եւ զոհողութիւն՝ իսկական իմաստով առաքինութիւններ են եւ ազնուութիւն։ Բայց անոնք աւելի եւս արժէք կը սնանան, երբ անկեղծ են եւ ամբողջակա՛ն։
Վաղը բովանդակ Թուրքիա քուէատուփի մօտ պիտի երթայ խորհրդարանական ընտրութեան առթիւ:
Վերջին շուրջ հինգ ամսուան միջանկեալ շրջանէն վերջ պիտի յստականայ Անգարայի համայնապատկերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աշխարհի վրայ՝ մարդուս ընթացքը որոշող երկու զօրութիւն կայ, մին՝ «սէր»ը եւ միւսը՝ «նախանձ»ը։
Հաւատացէք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, խորհրդածութեան այս նախադասութեամբ սկսելու համար երկար ժամանակ խորհեցայ. արդեօք կը սխալի՞մ, միթէ սահմանափակած կ՚ըլլամ մարդկային ազատութիւնը՝ նեղ շրջանակի մը մէջ պահելով անոր գործունէութիւնը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Շուէտի Սոտերթելի քաղաքին մէջ օծուեցաւ Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցին։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Նիւեորքահայութեան առիթը տրուեցաւ ներկայ գտնուելու եւ տարօրինակ ձեռնարկի մը ականատեսը ըլլալու փորձառութիւնը ունենալու: Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) նախաձեռնութեամբ, Նիւ Եորքի ֆրանսական «Ալիանս» կաճառի սրահին մէջ կազմակերպուեցաւ հանդիպում մը, որու ընթացքին հակիրճ կերպով ներկայ հասարակութեան հրամցուեցաւ Հայաստանի «Այբ» կրթական հիմնարկին կատարած աշխատանքներուն մասին զեկուցում մը:
