Արխիւ
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Սէրկէյ Լաւրովի խօսքերով, Ռուսաստան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա բացարձակապէս դէմ են՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը այլ հարթակներ տեղափոխելու փորձերուն, ինչ որ միայն կը վնասէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու աշխատանքին:
«Եթէ սուրիահայերը ապահովուին կեանքի նուազագոյն պայմաններով՝ բնակարանով ու աշխատանքով, ապա չեն հեռանար Հայաստանէն»:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի տուեալներով, Հայաստան աշխարհի չորրորդ երկիրներէն է փախստականներ ընդունելու առումով ու բաւական առաջ՝ բոլոր համեմատականներով:
Միջազգային իրադարձութիւններու լոյսին տակ Ռուսաստանի եւ արեւմտեան երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան խորացման միտումը կը շարունակուի։ Լոնտոնի ղեկավարութիւնը սկսած է բարձր մակարդակի սպառնալիք դասել Մոսկուան։
«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինքի դէմ գործուած մահափորձի հարցաքննութիւնը կը շարունակէ մշտապէս զբաղեցնել օրակարգը։ Ծանօթ է, որ վերջերս նոր հարցաքննութիւն մը իրականացուած է՝ պարզելու համար այս մահափորձին շրջագծով հանրային պաշտօնեաներու դերակատարութիւնը։
«Ատրպէյճան սեփական պատմութեան փերաշարադրումը կը շարւնակէ այլոց մշակութային ժառանգութեան բռնի իւրացմամբ»:
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Փարիզի ժողովին ընթացքին ահազանգ հնչեցուց Պաքուի քաղաքականութեան դէմ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 16-րդ տարեդարձը՝ Մայր Տաճարի մէջ:
Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան. «Նորին Սրբութիւնը յարատեւութեամբ, խորունկ իմաստութեամբ, ջանասէր աշխատասիրութեամբ կը ձգտի Հայ Եկեղեցւոյ սպասաւորներուս ցոյց տալ՝ ինչպէս յաղթահարել առկայ դժուարութիւնները»:
Մխիթարեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին ելոյթով մը հանդէս եկաւ Սթրազպուրկի համալսարանէն Փրոֆ. Եոհան Շթրաուս, որու մասնագիտութիւնն է օսմանեան գրականութիւնը։ Ան խօսեցաւ Մխիթարեան վարժարանի անցեալի յատկանշական շրջանաւարտներէն մէկուն՝ Վարդան փաշայի մասին։
Շաբաթավերջին մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Պալաթու Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ վրայ։ Հայ բնակչութենէ նօսրացած պատմական թաղի մը մէջ կը գտնուի այս սրբավայրը, որ միշտ հոգեհարազատ ուխտավայրի մը բնոյթը ունեցած էր մեր հաւատացեալներուն տեսակէտէ։ Եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 180-ամեակին առթիւ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Համայնքային շրջանակները շաբաթավերջին ուրախակից եղան Պէնկլեան եւ Կիւնպերկ ընտանիքներուն, որոնց զաւակաց Սուրբ Պսակի խորհրդակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանական կաճառին մէջ, կատարուեցաւ վերաբացումը «Աճեմեան» գրադարանին: Մասնագիտական կեդրոն մըն էր, որ երախտաշատ հոգեւորականը կը կատարէր այս հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, Խորհրդային կարգերու փլուզումէն անմիջապէս ետք, Երրորդ Հանրապետութեան առաջին օրերուն հոգեւոր կրթութեան ճանապարհ մը ցոյց տալու համալսարանական մեր ուսանողներուն համար:
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԵՐԵԱՆ
Ուղեղը վիրահատելու համար բժիշկները կարիքը ունին տեսնելու նուրբ մանրամասնութիւններ՝ փոքր ծաւալով: Փոքր քամերա մը կրնայ ուղեղին մէջէն առնել 3 տարածութեամբ (3 տի.) նկարներ, որոնք վիրաբոյժներուն թոյլ կու տան տեսնել բարդութիւնները, ինչ որ կը մղէ աւելի արագ, ապահով քայլերու դիմելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեմն կարճ առակ մը շատ աւելի տպաւորիչ կ՚ըլլայ, քան երկա՜ր խօսակցութիւններ, մանրամասնութիւններով խճողուած խրատներ, թելադրանքներ։ Արդարեւ յաճախ կը կրկնենք՝ երբեմն մարդիկ շատ կը խօսին, բայց ո՛չինչ կ՚ըսեն, երբեմն ալ քիչ կը խօսին՝ շատ բան կ՚ըսեն։
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր-Կիւրեղեան վերջերս այցելեց Նիւ Եորք, ուր հիւրընկալուեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի եւ իր կողակցին՝ Վերա Սեդրակեանի կողմէ։
Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Ուքրայնա եւ Վրաստան։
Իլիա Բ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը Թիֆլիզի մէջ հիւրընկալեց Իլհամ Ալիեւը:
Վրաց հոգեւոր առաջնորդին վիճայարոյց խօսքերը՝ տարածքային ամբողջականութեան հարցին մէջ:
Եդուարդ Նալպանտեան եւ Էնթընի Պլինքէն քննարկեցին հայ-ամերիկեան օրակարգային հարցերը:
Կարծիքներ փոխանակուեցան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին շուրջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Արաբական աշխարհին համար Թուրքիոյ մէջ ընթացող քաղաքական խմորումները դարձած են շեշտակիօրէն կարեւոր, մանաւանդ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւններուն արաբ-իսլամական աշխարհին բացուելու քաղաքականութեան պատճառով:
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով այս Երկուշաբթի աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեանի հրաւէրին ընդառաջ։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Նոյեմբեր 4-ին, 123 տարի առաջ, վաթսուն տարեկան հասակին, Պոլսոյ ոստիկանական կեդրոնի մը մէջ՝ վախճանեցաւ հայ հոգեւորականութեան իւրայատուկ ներկայացուցիչ մը, որ ինչպէս իր ժամանակակիցներուն, նոյնպէս եւ հետագայ սերունդներու յիշողութեան մէջ, Խորէն Նարպէյ գրչանունով, մնայուն տեղ գրաւեց իբրեւ հայ ժողովուրդի արժէքաւոր, այլեւ վիճայարոյց դէմքերէն մէկը։
Անցնող շաբաթավերջը ապահովաբար յիշարժան պիտի մնայ լիբանանահայութեան կեանքին մէջ՝ շնորհիւ Կիւմրիի ԳՈՀԱՐ երաժշտախումբին պարգեւած երաժշտական մեծ ու որակեալ մատուցումին:


