Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի վարիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Գասպար աբեղայ Կարապետեանի։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

Երէկ, Շիշլի մարզակումբէն ներս գումարուեցաւ հերթական ընդհանուր ժողով։ Նկատի ունենալով, որ մարզակումբը կայուն յաջողութեամբ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը, համագումարի մթնոլորտէն ալ բնորոշուեցաւ համապատասխան բարձր տրամադրութեամբ։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Վատիկանի մէջ տեսակցեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին հետ։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պէյօղլուի «Նարեկեան» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուած ասուլիս-քննարկումը կը ցոլացնէ խրախուսելի մտայնութիւն մը:
Պատմութիւն, արդի կարիքներ եւ քաղաքական իրադրութիւն. որոնումներ համադրուած եռոտանիի մը վրայ՝ թրքահայ համայնքի օրակարգին շուրջ:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ առաջնահերթութիւնն է Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ հրադադարի պահպանումը։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Արդէն ուսումնական տարեշրջանի աւարտն է, ամէն տեղ:
Մի հարցնէ՛ք, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս յանկարծ գրիչս տողերուս վրայ կ՚արձանագրէ եօթ եւ աւելի տասնամեակներ առաջ ծննդավայրիս յաճախած վարժարանիս մասին, որ կը կոչուէր Ազգային Հայկազեան երկսեռ վարժարան, ուր մանկապարտէզի (4) եւ նախակրթարանի (6) տարիներս հո՛ն անցուցած էի:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի 19 Մայիսի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայագիտութեան ժամանակակից դաշտին մէջ, ուր ուսումնասիրութիւններու մեծ մասը կը կեդրոնանայ արդէն իսկ ծանօթ աղբիւրներու վերարժեւորման վրայ, հետաքրքրական է տեսնել նոր աշխատութիւններ, որոնք թէ՛ առկայ բացերը կը լրացնեն, թէ՛ կը վերաձեւեն նոյնիսկ գիտական քարտէսի ընկալումը։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

1. Ինչպէ՞ս կը ներգործէ եկեղեցւոյ սրբութիւնը: Ի՞նչ է սրբութիւնը: 2. Ինչո՞ւ համար անհրաժեշտ է մանկամկրտութիւնը քրիստոնեաներուն համար:

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Բայց մի՛ պարծենար եւ մի՛ արհամարհեր կոտրած ճիւղերը. մի՛ մոռնար որ դո՛ւն արմատներուն վրայ հաստատուած ես եւ ո՛չ թէ արմատները Քու վրադ». (ՀՌՈՄ. ԺԱ 18)։

Երեքշաբթի, Մայիս 19, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Թէ՛ արեւմտահայ եւ թէ արեւելահայ գրականութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ մոռցուած դէմքեր ու անուններ, որոնք իրենց իմաստութեամբ, իրենց գրական շնորհներով ու արժէքներով աւելի պակաս տաղանդաւոր չեն՝ քան ազգի մը իրենց անունը անմահացնել յաջողած գրողները:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարդը՝ որ «փոքրիկ տիեզերք» մը կոչուած է, սակայն, իր մէջ կը զգայ անհունութեան անհպելի սահմաններուն սաւառնող կարողութեան մը թռիչքը։ Ուստի, իր միտքին սրաթռիչ թեւերովը մերթ կը խոյանայ դէպի երկինքի բարձրութիւններուն եւ մերթ կը մխրճի երկրի ընդերքներու մէջ եւ ովկիանոսներու անդնդախոր յատակը:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ տեղ գտած հակասութիւնները այնքան ալ զարմանք չեն պատճառեր. հակասութիւնները մարդկային կեանքի անբաժան մէկ մասը կը կազմեն, սակայն, վիճակը տարբեր կ՚ըլլայ, երբ երկու հակասութիւններ միատեղուին:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

«Բարեկամ» խմբակին կողմէ կազմակերպուած դասընթացքներու եզրափակիչ հանդիսութիւնը շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ: Հանդէսի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որուն ընկերացաւ Տ. Շիրվան քահանայ Միւրզեան: 

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաները այս տարի եւս իրականացուցին պտոյտ մը՝ ամառնամուտի շրջանին: Դպրոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, ութերորդ դասարանի տղաքը այս պտոյտը իրականացուցին՝ մէկ կողմէ բարձր տրամադրութեան պայմաններով զիրար վայելելով, իսկ միւս կողմէ դպրոցէն հրաժեշտ առնելու յուզումնախառն պահուն ընդառաջ: 

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ շաբաթավերջին հիւրընկալուեցան՝ Սելվին Բարունակեան-Էօզկիւլ, Թամար Սինանօղլու-Կէօքչէօղլու եւ Լինտա Աքեան-Չեթինքայա, որոնք համայնքէն ներս կը ծաւալեն կամաւոր գործունէութիւն: Իգական սեռի այս երեք գործիչները վերջերս կազմակերպած էին ծաղկանոցի աշխատանք մը, որ արժանացած էր անմիջական ուշադրութեան:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Տարեկան հաւաքը այս տարի եւս անցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Երէկ, Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի մանկապատանեկան կազմը 2025-2026 տարեշրջանի եզրափակիչ փուլին խրախճանք մը իրականացուց Ռումելի Հիսարի Սուրբ Սանդուխտ եկեղեցւոյ մէջ: Վոսփորի գեղատեսիլ համայնապատկերին վրայ տեղի ունեցաւ այս խրախճանքը, որու ընթացքին տնօրէն խորհուրդը վերահսկեց մանկապատանեկան կազմի տղաքը:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Պոլսահայ գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ շաբաթավերջին իսկական վայելք մը եղաւ՝ Հայաստանէն «Օրթաքեան» պարախումբի հիւրընկալումը: Ներկայ ամառնամուտին, այս խումբին ելոյթը բարձր տրամադրութիւն ստեղծեց՝ մինչ համայնքային կեանքէ ներս ձեռնարկները հետզհետէ թափ կը ստանան:

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2026

Երէկ, համայնքային շրջանակները՝ մասնաւորապէս Սամաթիոյ ընտանիքը ողջունեցին Լիանա Պենլիի եւ Սէրտար Քասափչըլարի կեանքի միասնութիւնը: Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած Ս. Պսակի խորհրդակատարութիւնը համախմբեց հոծ թիւով ներկաներ, որոնք փութացած էին նորապսակ ամոլի ուրախութիւնը բաժնելու:

Էջեր