ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ
Էսաեանի ընտանիքը բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեց 2023-24 կրթական շրջանը։ Երէկ առաւօտ, վարժարանի պարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Էսաեանի ընտանիքը բարձր տրամադրութեամբ դիմաւորեց 2023-24 կրթական շրջանը։ Երէկ առաւօտ, վարժարանի պարտէզի վերամուտի հանդիսութիւնը անցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտի մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ մասնակցեցաւ 2023-24 շրջանի վերամուտին, որու ընթացքին կը տիրէր բարձր տրամադրութիւն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ փոխանցեց իր պատգամը Դպրեվանքի ընտանիքի ներկայացուցիչներուն։
Գալֆաեան տան մէջ 2023-24 կրթական շրջանը սկսաւ մեծ ոգեւորութեամբ։ Վերամուտի օրը դպրոցին մէջ համախմբուեցան Գալֆաեանի ընտանիքի պատասխանատուներ, աշակերտներն ու իրենց ծնողները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին գլխաւորեց դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնը։ Այսպէս, ան երէկ նախագահեց Վանայ լճի Աղթամար կղզիի՝ այժմ թանգարանի վերածուած երբեմնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան Ս. Պատարագին, զոր մատոյց Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ՝ իր կողքին ունենալով Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանն ու Պատրիարքարանի լրատուական բաժնէն Կարօ Վռամ Պապայեանը։
Երէկ, Պուրկազ կղզիի Այիոս Եուանիս յունաց եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Մենք երգ ենք» երաժշտական հերթական ձեռնարկներու եզրափակիչ փուլը։
2023-2024 կրթական շրջանի սկզբնական փուլին Էսաեան վարժարանէն ներս կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն։ Վերամուտին ընդառաջ, 9-րդ դասարանի սաները երէկ համախմբուեցան դպրոցին մէջ, ուր տնօրէնուհի Տենչա Չընարի ջերմ վերաբերմունքին արժանացան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շնորհաւորական մը ուղարկեց Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաքին։
Շիշլի մարզակումբին նախաձեռնութեամբ Գնալը կղզիին մէջ կազմակերպուած ամրան դասընթացքները եզրափակուեցան խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Ակումբը այս ամառ 6 մարզաձեւերու պարագային դասընթացքներ կազմակերպեց՝ արձակուրդի շրջանին համախմբելով պատանիներն ու երիտասարդները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։