ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանին երէկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ՝ Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթին կողմէ։ Յուշանուէրը յանձնեց համոյթի անդամներէն Սարգիս Մենշուր, որ կը բնակի Երեւանի մէջ։
Պատրիարքական Աթոռի կարգադրութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան վերջին օրերուն այցելեց Տիարպաքըր։ Նորին Սրբազնութիւնը տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ ընդարձակ համալիրէն ներս՝ յարակից Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մատրան նորակերտ խորանի օծումը։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ այս տարի ալ խանդավառ մթնոլորտ ստեղծուած է Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ։ Ամրան շրջանին կը համընկնի այս կարեւոր տաղաւարը, որու իմաստը եւ առթած հոգեւոր ուրախութիւնը կը բազմապատկուին աւանդական խաղողօրհնէքով։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի անդամները, որոնք այս շրջանին մեկնած են Հայաստան։ Մարալցիները, որոնք Համահայկական 8-րդ խաղերու բացման ելոյթ ունենալու համար Հայաստանի մէջ կը գտնուին, ուխտի այցելութիւն մը տուին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոնին, որու խորախորհուրդ մթնոլորտի իսկական ներշնչման առիթ մը դարձաւ իրենց համար։
Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Աստուածածնայ ուխտի շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ տեղի ունեցաւ Հայ երաժշտութեան երեկոյ, Մարալ Այվազ Չաղլըչուպուքճուի եւ Գերմանիայէն հիւրաբար քաղաքս եկած Առէն Էմիրզէի մասնակցութեամբ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն խումբ մը հաւատացեալներ շաբաթավերջին այցելեցին Հէյպէլի կղզիի յունաց պատմական վանքը։ Հաւատացեալները գլխաւորեց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Համահայկական 8-րդ խաղերը այսօր արդէն կը սկսին Կիւմրիի մէջ։ Աշխարհի հայ երիտասարդութեան տեսակէտէ՝ այլեւս աւանդական դարձած մեծ ժամադրութիւն մըն է այս մրցաշարքը, որ կը կազմակերպուի ողիմպիականներու տրամաբանութեամբ։
BEDROS ŞİRİNOĞLU
Երէկ երեկոյեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի եւ մեր ժամագիրքը» խորագրեալ բանախօսութիւն մը։ Ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր։ Երեկոյթի ատենախօսն էր բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան։