ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան վերջերս հիւրընկալեց բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանը, որու ընտանիքը այցելեց Սուրբ Քաղաք։ Ինչպէս ծանօթ է, Սեւան Տէյիրմենճեան վերջին տարիներուն կ՚ուսուցչագործէ Երուսաղէմի Հայոց Թարգմանչաց եւ Ժառանգաւորաց վարժարաններուն մէջ։
«Բարեկամ» խմբակը երէկ Սամաթիոյ մէջ կազմակերպեց ձեռնարկ մը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակները։ Հաւաքոյթին նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ «Սէր» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ Հարկ է նշել, որ վերջին շրջանին Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ յախճապակի եւ կերպաս ներկելու, մշակելու ուղղեալ աշխատանոցներ կը կազմակերպուին։
Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Համաշխարհային երգչախմբային երաժշտութեան գիտաժողովը (WSCM), որ պիտի եզրափակուի վաղը։ Միջազգային երգչախմբային երաժշտութեան դաշնակցութեան (IFCM) նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած՝ համաշխարհային մակարդակով ամենամեծ ձեռնարկն է այս մէկը, որ Իսթանպուլի մէջ համախմբած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներէն երգչախումբեր։
Երէկ երեկոյեան, Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան Միջմիութենական գիտելիքի մրցոյթի եզրափակիչը։ Այս տարի 24-րդ անգամ կեանքի կը կոչուի այս նախաձեռնութիւնը։
Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը օժանդակութեան բազմակողմանի ծրար մը պատրաստած է՝ ընկերամշակութային զօրակցութիւնը ամրապնդելու համար:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Լեւոն Պերճ Գուզիքօղլուի։ Ներկայ էր նաեւ Գուրուչէշմէի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնարեան։
Ներքին գործոց նախարարը, Իսթանպուլի կուսակալը, Ֆաթիհի գաւառապետն ու քաղաքապետը երէկ յետմիջօրէին այցելութիւն մը տուին Պատրիարքարան:
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան պետական գերագոյն զոհողութեան մետայլներ շնորհեց բոլոր այն տեղական կամ օտար փրկարար ծառայութիւններուն, որոնք 6 փետրուարի երկրաշարժներուն ժամանակ աշխատանք ծաւալած էին։
Ապրիլեան սուրբ նահատակներու յիշատակութիւն եւ Ս. Պատարագ՝ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ: