ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՍԱԳՕ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանին մէջ գլուխէն ծանրօրէն վիրաւորուած Սագօ Գույումճեան կնքեց իր մահկանացուն: «Ալ Ռազի» հիւանդանոցէն ներս դարմանուող Գույումճեան վիրաւորուելէն ետք մտած էր մահաքունի եւ անոր ստացած ուղեկորոյս փամփուշտը կը գտնուէր դէմքին մէջ:

Միշըն Հիլզի «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանի եւ Հայկական գորգի ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, Օգոստոսի 20-ին, տեղի պիտի ունենայ հայկական գծագրուած եւ եկեղեցական կտաւներու նուիրուած դասախօսութիւն մը, որ պիտի հարստացուի լուսանկարներու ներկայացումով։
Թուրքիա եւ Իրան տարածքաշրջանէն ներս առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն Սուրիոյ ճգնաժամին նկատմամբ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հիւրընկալեց մարսէյլաբնակ հայազգի լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը, որ մագլցած է աշխարհի ամենաբարձր գագաթը՝ Էվերեսթը:
Հանրաետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կագաւորման գործընթացէն ներս կայ յառաջխաղացում»:
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ այսօր շփումներ կ՚ունենայ Անգարայի մէջ, ուր կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի, Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի եւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ տեղեկացուց, թէ Սուրիոյ հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ ստեղծուած երեքական դիւանակալէ բաղկացեալ դրութեան մասնակից պաշտօնատարները մեկնած են Մոսկուա։ Նախարարը ընդգծեց, որ Արեւմուտքը պէտք չունի անհանգստանալու այս բոլորէն։
ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի բաժակի 2016-2017 խաղարկութեան նախնական փուլին մրցաշարքը առաջին անգամ ըլլալով պիտի կայանայ Հայաստանի մէջ։
Երիտասարդութեան միջազգային տօնի օրուան կապակցութեամբ այսօր՝ Արցախի շրջաններուն եւ Ստեփանակերտի մէջ կը կազմակերպուին տօնական շարք մը ձեռնարկներ: