ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Էրտողան եւ Օպամա Սեպտեմբերի 4-ին պիտի տեսակցին Չինաստանի մէջ, «G-20»ի գագաթաժողովին շրջագծով:
Երկու նախագահներուն հանդիպումը առիթ պիտի դառնայ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկելու համար՝ Սուրիոյ տագնապին շուրջ Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները: Թուրքիա եւ ԱՄՆ հակասութիւններ կը դիմագրաւեն նաեւ «Եփրատի վահան» գործողութիւններուն պատճառով:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ գերմանացի խորհրդարանականներուն հնարաւորութիւն պիտի տրուի այցելել Ինճիրլիքի ռազմակայան, եթէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը հրաժարի Պունտեստակի կողմէ ընդունուած՝ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշումէն։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ գարնան Պունտեստակէ ներս հայկական բանաձեւին ընդունուիլը լուրջ ցնցում մը յառաջացուցած էր Թուրքիա-Գերմանիա յարաբերութիւններուն մէջ։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Օգոստոս 30-ի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ Յաղթանակի 94-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։
Թիֆլիզի եւ Պաքուի ղեկավարները յառաջ կ՚ընթանան սերտ համագործակցութեան ճանապարհով:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ ընդունեց Երեւանի մէջ կազմակերպուած Գերմանա-հայկական ֆորումին պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Պունտեստակի երեսփոխան Ալպերթ Վայլէի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ողջունելով հիւրերը՝ Նալպանտեան կարեւորեց այս ֆորումին գործունէութիւնը՝ ուղղուած Հայաստան-Գերմանիա բարեկամական յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման։
«Եփրատի վահան» գործողութիւնը կ՚ուղղուի դէպի ՓԵՏ-ԵՓԿ-ի շարքերը՝ ազդու ռմբակոծումներով:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած ամառնային ճամբարի ծրագիրը եզրափակուեցաւ: