«ԵՍ ՃԻՇԴ ՀԱՅ ԵՄ…»
Հայաստանի «Սիվիլնեթ» համացանցային հեռուստակայանը շաբաթավերջին ծաւալուն հարցազրոյց մը սփռեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդին հետ:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեանի համոզմամբ, երբեք պէտք չէ ակնկալել, որ հոգեւոր իշխանաւորին եւ աշխարհականներուն խօսքը ըլլայ նոյնը, անոնք անշուշտ տարբեր կը խօսին:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կառոյցներուն եւ ՀԲԸՄ-ի միացեալ ժողովը՝ յոբելենական մթնոլորտի պայմաններով:
Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ.-
«Փախստականները ձայն չունին, անոնք անձայն են ու լուռ, ատոր համար ալ իմ հիմնական նպատակս է՝ անոնց մասին խօսիլ, լուսաբանել եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ օգնել: Այսօր Սուրիոյ մէջ եղած դէպքերը ինծի ակամայ յիշեցնել կու տան հարիւր տարի առաջ մեր ժողովուրդին դէմ եղած դէպքերը», յայտնեց նկարչուհի Զեփիւռ Ճերահեան:
Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ հասարակութեան նախկին բազմամեայ ու բազմավաստակ վիճակաւոր Տ. Յովհաննէս Արք. Չոլաքեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Երէկ առաւօտ Թաքսիմի Ս. Յովհան Ոսկեբերան եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հոգելոյս գերապայծառին համար։