ՔԱՆԴԱԿԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉՈՒՆՔ
Շուշիի մէջ սկսաւ «Յակոբ Գիւրջեան» քանդակագործութեան չորրորդ միջազգային կոչունքը: Այս մասին յայտնած է «Շուշի քաղաքի թանգարաններ» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Լուսինէ Գասպարեան՝ աւելցնելով, որ արդէն աւանդական դարձած Շուշիի մէջ իրականացուող քանդակագործութեան կոչունքը միջազգային համագործակցութեան, մշակութային ու մասնագիտական երկխօսութեան եւ ստեղծագործական ոգեշնչման հարթակ է արուեստագէտներու համար:
Չինաստանի հայկական համայնքի գործադիր մարմինը կրթական հարցերու փոխ-նախագահ ընտրեց Մերի Կնեազեանը:
Հայ-ազէրի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ ջանքերը յառաջ կը տարուին՝ Անգարա-Մոսկուա-Պաքու եռակողմանի դրութիւն մը ստեղծելու որոնումներու մթնոլորտին մէջ:
Ֆրեզնոյի, Միացեալ Նահանգներ, Հայկական թանգարանին նախաձեռնութեամբ, Սեպտեմբեր 2-Դեկտեմբեր 16 թուականներու միջեւ տեղի պիտի ունենայ Արցախի անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած իւրայատուկ ցուցահանդէս մը՝ «Արցախի Ոգին» խորագրեալ։
Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ տեղի ունեցած Էրտողան-Փութին տեսակցութեան արդիւնքը կը համարուի գերազանց: