ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳՈՒԵՑԱՒ ԵՒՍ ԵՐԵՔ ԱՄԻՍՈՎ
Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Նախարարաց խորհուրդին ժողովը։ Պեշթեփէի պալատէն ներս կառավարութեան նիստը գլխաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որու կողքին էր նաեւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ։ Ժողովի ընթացքին որոշուեցաւ եւս երեք ամիսով երկարաձգել՝ երկրէն ներս հաստատուած արտակարգ դրութեան կիրառումը։
ՄԱԿ-ի Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան հետ կապակից երկիրներու հաւաքը:
Սրբազան Քահանայապետը հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեանց կողմէ:
Հալէպի երէկուան դէպքերուն ընթացքին հայաբնակ թաղամասեր ենթարկուեցան սաստիկ յարձակումներու:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Տ.Տ. Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը այս շաբաթավերջին կը գտնուի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ծանօթ է, որ ան ամրան սկիզբին այցելած էր Հայաստան եւ տակաւին այդ շրջանին յայտարարուած էր նաեւ իր ներկայ ուղեւորութեան մասին՝ դէպի Վրաստան եւ Ատրպէյճան։