ԱՀԱՒՈՐ ԱՒԵՐ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ ապրուած զգայացունց տմարդի իրադարձութիւնները կը շարունակուին՝ սրբապղծութիւններու զուգորդմամբ։ Սուրիահայութիւնն ու ամբողջ հայաշխարհը երէկ ահաւոր աւերի մը ականատեսը եղան։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երէկուան դրութեամբ դիմում ներկայացուց Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրական ատեանին մօտ:

Ռուսաստան զեղչ կը կատարէ Հայաստան մատակարարուած բնական կազի սակագինին մէջ։ «Կազփրոմ» ռուսական ընկերութեան վարչութեան նախագահ Ալեքսէյ Միլլէր, որ վերջերս այցելած էր Երեւան, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ տեսակցութեան ընթացքին պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած էր այս ուղղութեամբ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչի պաշտօնը ժամանակաւորապէս յանձնուեցաւ Սարգիս Յովսէփեանին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս այդ պաշտօնէն հրաժարած էր զուիցերացի Պեռնար Շալանտ, որու մականին ներքեւ հայկական հաւաքականը ապրեցաւ լուրջ ձախողումներ։
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հայկական երաժշտական աշխարհին տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը, որու ընթացքին ապրուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ «Գոհար» համոյթի եւ հայ աստղերու համատեղ համերգին վերյիշումը համախմբած էր երաժշտասէր շրջանակները։