Լրահոս

ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ

Պաշարեալ Արցախէն կը շարունակեն հասնիլ մտահոգիչ լուրեր, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած նոր յարձակումներով հանդերձ։ Լեռնային Ղարաբաղի պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան յայտարարեց, որ միջազգային հանրութիւնը, Ռուսաստանն ու Հայաստանը դիտորդի կարգավիճակով կողքէն կը նային, թէ ինչ կը կատարուի Արցախի մէջ։

ԱՐԴԷՆ ՏԱՐԲԵՐ ՈՐԱԿ

Հայաստան-ԱՄՆ գործակցութիւնը նոր հարթութեան մը վրայ՝ տարածաշրջանային իրադարձութիւններով:
Ըստ Գրիգորեանի՝ Հարաւային Կովկասէ ներս ապաշրջափակումը պիտի ապահովէ «հայկական խաչմերուկի» իրականացումը:

ՄՈՍԿՈՒԱ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴԻՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վաղը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ պիտի տեսակցի Պրիւքսելի մէջ՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Հանդիպման ընդառաջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՚աջակցի ամէն տեսակ շինիչ միջնորդութեան, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութիւն կրնայ ապահովել։

ԹՈՊԻԱՍ ԼԻՆՏՆԵՐԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտներ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գերմանացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։

ՅՍՏԱԿ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Էրտողան յիշեցուց, որ ռուս խաղաղապահները պէտք է մինչեւ 2025-ը մնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Երեւան ահազանգ կը հնչեցնէ Արցախի պարագային սովի վտանգին դէմ: Պրիւքսելի շաբաթավերջի գագաթաժողովին ընդառաջ, Պլինքըն փաշինեանէն վերջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ նաեւ Ալիեւի հետ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովին 4-րդ նիստը՝ փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ:

Էջեր