«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ ԱՐԴԷՆ 20-ՐԴ ԱՆԳԱՄ
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի 20-րդ անգամ կը կազմակերպուի։ Մինչեւ շաբաթավերջ պիտի շարունակուի փառատօնը, որու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրին մէջ։
Թուրքիա կը շարունակէ խտացեալ ջանքեր գործադրել՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած միջազգային բարդ իրավիճակին մէջ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, որ պատերազմի ծագելէն վերջ առաջին անգամ այցելեց Թուրքիա։
Հայաստանի եւ Վրաստանի վարչապետները երէկ կարեւոր բանակցութիւններ վարեցին Պաթումի մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն Խրուաթիոյ մէջ կը մասնակցի Տուպրովնիքի համաժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ներկայ կը գտնուի՝ «Համաշխարհային կարգը խախտուած. ինչպէս կայունացնել համաշխարհային քաղաքականութիւնը» խորագրեալ քննարկման։
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատեց իր դատավճիռը, որպէսզի Լաչինի միջանցքով ապահովուի ազատ տեղաշարժը։ ՄԱԿ-ի դատարանը այս ուղղութեամբ անցեալ փետրուարի 22-ին արձակած էր վճիռ մը, որով Ատրպէյճանը պէտք է պարտաւորեցուէր՝ ձեռնարկելու համար բոլոր միջոցները, որպէսզի երաշխաւորուի Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը։
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Փարիզը թիրախաւորել՝ Երեւանի կողքին միակողմանիօրէն դիրք գրաւելու պնդումներով։ Վերջին օրերուն Ատրպէյճան-Ֆրանսա-Հայաստան առանցքին վրայ ծագեցաւ բանավէճ մը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ Հայաստանի եւ Արցախի առկայ մարտահրաւէրները:
Յառաջիկայ շաբաթ Վիլնիուսի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն ընդառաջ երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ կարեւոր հանդիպում մը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Արցախի ամբողջական շրջափակումով պայմանաւորուած մարդասիրական տագնապի եւ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան որոնումներու յարաբերաբար դանդաղած իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ այս շփումը։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնի վրայ խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի վիճակին շուրջ: