ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՊԱՅՏԸՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՆԱԹՕ-Ի ՎԻԼՆԻՈՒՍԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ ՆԱԹՕ-ի Վիլնիուսի գագաթաժողովէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որ տեւեց շուրջ 1 ժամ 15 վայրկեան։
Սփիւռքահայ հեղինակաւոր գիտնականը Լոս Անճելըսի մէջ մահկանացուն կնքեց 90 տարեկան հասակին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանէն ներս հաստատուած իրադրութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ քայլերուն՝ ներառեալ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւնը։
Վիլնիուսի գագաթաժողովին ընդառաջ Թուրքիա հաւանութիւն տուաւ Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան:
Գնալը կղզիի բարձունքի յունաց Խրիստոս պատմական վանքի համալիրէն ներս հանդիսութիւններ:
Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը փայլուն անցաւ:
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ կարեւոր հեռախօսազրոյց:
Ըստ Արարատ Միրզոյեանի, աւելի շատ միջազգային ջանք պէտք է՝ էթնիք զտումները կանխելու համար:
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտէթ Եըլմազ եւ պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէք դէպի Տոհա աշխատանքային այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպում մը ունեցան Քաթարի էմիր Շէյխ Թամիմ պին Համատ էլ Սանիի հետ։
Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին, որ այցելութիւն մը տուած էր Թուրքիա։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ հիւրընկալուելէ վերջ, հիւր ղեկավարը Իսթանպուլէն հրաժեշտ առնելէ առաջ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը, ուր դիմաւորուեցաւ մեծ պատիւներով։