ԱՆԷԱՑՄԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻՆ
«Իրականութեան մէջ, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը մտաւորական ժառանգականութեան վառ օրինակ մըն է եւ Թուրքիայէ ներս հայերու ներկայութեան խորհրդանիշ»:
Երեւանի «Ալիք մետիա» կայքէջը արձագանգեց թերթիս կողմէ հնչեցուած ահազանգին՝ յայտնի մտաւորական ու հասարակական գործիչ Տիգրան Պասկեւիչեանի ստորագրած յօդուածով:
Համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ այս շրջանին հերթական անգամ հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձած է։ Այս Ամանորին Սիպիլ հանդէս եկաւ «ARTI» հեռուստակայանէն։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման ընդառաջ Միացեալ Նահանգներ սերտ կապ կը պահէ կողմերուն հետ:
Ատրպէյճան երէկ յետմիջօրէէն սկսեալ դարձեալ կրակ բացաւ Հայաստանի սահմանի դիրքերուն վրայ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ Երեւանի մէջ մահկանացուն կնքած է հայկական արդի բանաստեղծութեան տիտաններէն Ռազմիկ Դաւոյեան։ 81 տարեկան հասակին կեանքէ հեռացած է մեծանուն բանաստեղծ Ռազմիկ Դաւոյեան, որու կորուստին արձագանգած է նաեւ Հայաստանի Գրողներու միութիւնը։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերաշխուժացման զուգահեռ շաբաթներէ ի վեր օրակարգի վրայ կը գտնուի նաեւ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման նիւթը։
Այս շաբաթավերջին Մոսկուայի մէջ նախատեսուած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներուն՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի առաջին հանդիպումը։ 14 յունուարին ծրագրուած առաջին ժամադրութեան ընդառաջ, Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարներուն շուրջ միջազգային դերակատարներու ուշադրութիւնը հետզհետէ կը լարուի մօտալուտ բանակցութիւններուն վրայ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Լեհաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զպիկնիեւ Ռաուի հետ։ Հարկ է նշել, որ տարեմուտի դրութեամբ Լեհաստան դարձած է ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկիրը։
ԶԱՐՄԻՆԷ Գ. ՊՕՂՈՍԵԱՆ