Լրահոս

ՓԱՐԻԶԷՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

2022 թուականի տարեմուտի դրութեամբ Ֆրանսա ստանձնած է Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ ԵՄ-ի շրջանային նախագահ երկիրը դառնալուն զուգահեռ՝ յառաջիկայ վեցամսեայ ժամանակաշրջանին Ֆրանսա կը նախատեսէ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ հանդէս գալ համապատասխան նախաձեռնութիւններով՝ ֆրանսական նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն տեսանկիւնէ։

ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՆԳԱՄ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԱՆԴՐԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահները ամփոփեցին երկկողմանի համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ վերահաստատեցին Ռուսաստան-Թուրքիա փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան ապագայ աշխուժացման իրենց յանձնառութիւնը։

ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՏԻՐԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՐԷԻՍԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ վախճանած է մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեան։ Տարեմուտի դրութեամբ ցաւալի պատահար մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ, որ հոգելոյս տէր հօր առողջական վիճակը երկար ժամանակէ ի վեր վերիվայրումներ կ՚արձանագրէր եւ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր ալ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր հիւանդանոցի մէջ։

ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹ ՆԻՒԹ

Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացը 2022-ի տարեմուտին ընդհանուր ուշադրութեան առարկայ:
Փոխ-նախարար Անտրէյ Ռուտենքօ. «Ռուսաստան պատրաստ է միջնորդ հանդիսանալու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ»:

ՏԱՐԵՍԿԻԶԲԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԲԵՂՈՒՆ ԵՐԹԵՒԵԿ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿԻ ՎՐԱՅ

2022-ի տարեմուտին նախատեսուած է դիւանագիտական գետնի վրայ բեղուն երթեւեկ՝ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու լոյսին տակ։ Համաշխարհային դերակատարները կը նախատեսեն տարեմուտի դրութեամբ հետամուտ ըլլալ նոր շրջանի վերաբերեալ իրենց առաջնահերթութիւններուն։

ՓՆՏՌԵԼՈՎ ՄԵՐ ՀԵՐՈՍԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ափրիկէի սրտէն կը խօսինք, Սոմալիի քաղաքացիական պատերազմէն, Եթովպիայի տագնապէն, կը խօսինք նոյնիսկ Սուտանի ներքին լարուածութեան մասին։ Մեր պաստառներուն մէջէն իրենց ձեռքերը մեզի կ՚երկարեն այդ վայրերու նուիրեալները։

ԴԷՊԻ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը ծրագրէ 14-15 յունուարին այցելել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջերս յայտնած էր, որ այդ երկրէն ներս նախատեսուած միջազգային մեծ ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ ազգային օր մը։

Էջեր