ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ
Կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն արդէն օրակարգի վրայ է կարեւոր նախաձեռնութիւն մը՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի յիշատակի անմահացման ուղղութեամբ։ Համապատասխան շարժումին ծնունդ տրուած է Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթըի կողմէ։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացուած մնալ՝ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման հեռանկարին վրայ։
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, ինչ որ մնացած է, հիմնականօրէն կախուած է Ատրպէյճանէն եւ Ռուսաստանէն, մասամբ՝ Թուրքիայէն, ուրիշ ոչ ոքէ։ Հիմա այդպէս է»:
Մուամմէր Քեսքին ընտրութենէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը ամփոփեց մասնաւոր հաւաքոյթով մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Սեն Փեթերսպուրկ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպումը։ Անդրադառնալով այս հաւաքին՝ Փաշինեան քանի մը օր առաջ նշած էր, որ մասնակիցներու շարքին է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որու հետ շփում տեղի կ՚ունենայ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանը կայքէջին վրայ մասնաւոր տեսանիւթով մը արձագանգեց, որ 114 տարուայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հասած է անդունդի եզրին:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուած էր, շաբաթավերջին դուրս եկած է հիւանդանոցէն։
Եգիպտահայ մամուլին մէջ կը շարունակուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին վերաբերեալ ահազանգին արձագանգները։ Գահիրէի «Արեւ»ը, որ 106 տարիէ ի վեր կը հրատարակուի եւ հայ իրականութեան երիցագոյն լրատուամիջոցներէն մին է, 16 դեկտեմբերի համարով անդրադարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած անելին։
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Անգարայի եւ Պաքուի հետ քննարկումներուն մէջ պէտք չէ արտայայտել հիմնազուրկ լաւատեսութիւն, որովհետեւ Երեւան այդ հիմքը չի նկատեր:
Մինչ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքներու վերսկսման հորիզոնը արդէն յստակացած է, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի քաղաքացիական օդագնացութեան համապատասխան մարմինները վերջին օրերուն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը կատարեն՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով, թէ ո՛ր ընկերութիւնները պիտի ներգրաւուին այդ աշխատանքին մէջ։