ՀԱՆԳԻՍՏ՝ Տ. ՏԻՐԱՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՐԷԻՍԵԱՆԻ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ վախճանած է մեր քահանայից դասու երիցագոյն անդամներէն Տ. Տիրան Աւ. Քհնյ. Րէիսեան։ Տարեմուտի դրութեամբ ցաւալի պատահար մըն է այս մէկը՝ մանաւանդ, որ հոգելոյս տէր հօր առողջական վիճակը երկար ժամանակէ ի վեր վերիվայրումներ կ՚արձանագրէր եւ շուրջ երկու ամիսէ ի վեր ալ խտացեալ խնամքի տակ կը գտնուէր հիւանդանոցի մէջ։
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացը 2022-ի տարեմուտին ընդհանուր ուշադրութեան առարկայ:
2022-ի տարեմուտին նախատեսուած է դիւանագիտական գետնի վրայ բեղուն երթեւեկ՝ միջազգային օրակարգի հրատապ խնդիրներու լոյսին տակ։ Համաշխարհային դերակատարները կը նախատեսեն տարեմուտի դրութեամբ հետամուտ ըլլալ նոր շրջանի վերաբերեալ իրենց առաջնահերթութիւններուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքը 2022 թուականին պիտի ոգեկոչէ թերթիս նախկին խմբագրապետուհի Լիլի Գօչը՝ մահուան 25-րդ տարելիցին առթիւ։ Իր յիշատակը որքան քաղցր է, այնքան եւ թանկ՝ աւանդուած թերթիս դարաւոր անցեալէն։
Ներկայ տարեմուտը յոբելենական հորիզոն մը կը բանայ մեր այնքան սիրելի եւ մեծատաղանդ լուսանկարիչ Մկրտիչ Արծիւեանի առջեւ։ 2022 թուականին ան կը դառնայ 60 տարեկան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը ծրագրէ 14-15 յունուարին այցելել Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու վերջերս յայտնած էր, որ այդ երկրէն ներս նախատեսուած միջազգային մեծ ցուցահանդէսի շրջանակին մէջ տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ ազգային օր մը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 2022 թուականի առաջին ամիսներուն Արցախի վերաբերեալ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս պիտի գայ։
2022 թուականին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՍԾՏՀԿ) կը դառնայ 30 տարեկան։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ, պաղ պատերազմի աւարտով ստեղծուած իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Անգարայի նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած էր այս կազմակերպութիւնը։
2021-ի արդէն վերջին օրերուն «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը համալրուեցաւ վեցերորդ հատորով. «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»: Հոգելոյս Թորոս Ազատեանի յօդուածաշարքը կողքի մը տակ հրատարակութեան պատրաստուած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մանրակրկիտ աշխատանքով: